2016-04-30 11:26:00

''Centesimus Annus'' շրջաբերական թուղթի 25-րդ ամեակը


(Ռատիօ Վատիկան)  Քահանայապետի ի նպաստ Centesimus Annus հիմնարկը, ուրբաթ  29 ապրիլ 2016ին,  Centesimus Annus շրջաբերական թուղթի 25-րդ ամեակի նշման ծիրէն ներս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ  պարունակուած են  հիմնարկի մասին հակիրճ պատմականը ու անոր կէտնպատակը ։

1 մայիս 1991-ին, Լեւոն ԺԳ  քահանայապետի Rerum Novarum շրջաբերական թուղթէն հարիւր տարի ետք, Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետ հրատարակեց Centesimus Annus շրջաբեարկան թուղթը։  Ապա 5 յունիս 1993-ին, երջանկայիշատակ Սրբազան Հայրը ինքնագիր թուղթով հիմնեց Քահանայապետի ի նպաստ  Centesimus Annus  աշխարհականներէ ղեկավարուած  եւ Վատիկանի մէջ աթոռ ունեցող կազմակերպութիւնը , որուն  կէտնպատակն է  զարգացնել  ընկերային վարդապետութեան ծանօթացումը։

Centesimus Annus հիմնարկի նախագահ Տիար Domingo Sugranyes Bicke, շրջաբերական թուղթի 25-րդ ամեակի առթիւ յայտնեց՝՝Centesimus Annus շրջաբերական թուղթը ՝ վերանորոգիչ թղթածրար մըն է , ան բացաւ նոր կաթողիկէ մտածելակերպ ՝ մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս։  Ան ապա աւելցուց, թէ հիմնարկի գլխաւոր աշխատանքն է  ծառայութիւն մատուցանել եկեղեցւոյ եւ այդ ծառայութիւնը փորձել  կատարել աշխարհականներով,  ի գործ դնելով եկեղեցւոյ ուսուցումը ոչ միայն գործարարական աշխարհին  մէջ այլ ընդհանուր աշխարհային տնտեսականութեան մէջ։

Հիմնարկը՝ հասնելու համար իր նպատակէտին  կը կազմակերպէ   դասաօսութիւններ եւ հանդիպումներ ու այս ծիրէն ներս հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է՝ թէ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորին, հիմնարկի յառաջիկայ միջազգային դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի  մէջ 12-14 մայիս 2016-ին, եւ որուն կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ գործարանական նախաձեռնութիւնը՝ աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ։ Գաղթականներուն հրատապ հարցը մեր մարտահրաւէրը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.