2016-04-29 13:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ''վերակենդանացնող բժշկութեան'' համաժողովին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 29 ապրիլ 2016-ի՝ կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած ''վերակենդանացնող բժշկութեան'' հայող միջազգային համաժողովին  աւելի  քան 700 մասնակիցներուն։

Այս առթիւ իր արտասանած  ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը բարձր  գնահատեց` հազուադէպ  հիւանդութիւններու  բուժման համար   լուծում գտնելու  բժիշկներու հետազօտութիւնները,  առանց անտեսելու բարոյական , մարդաբանական, ընկերային եւ մշակութային հարցերը, եւ որոնք առիթ կ՝ընծայեն  հազուադէպ հիւանդութիւններէն վարակուած անհատներուն դարմանուելու ու բուժում ստանալու։ Թէեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  նիւթական շահերու ձգտումի բերումով,  դեղագործական գործարանները,  յաճախ կ՛անտեսեն զանոնք, հակառակ որ  անոնց թիւը անհամար է համայն աշխարհին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ   անդրադառնալով  ապա Ողորմութեան Սուրբ Տարուան, հաստատեց թէ Ողորմածութիւնը  հիմնական օրէնք մըն է   եւ  կը բնակի իւրաքանչիւր անձին սրտին մէջ  երբ ՝ անոնք անկեղծ աչքերով կը նային  կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին իրենց հանդիպած եղբօր։

Քահանայապետը ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր.

Առաջին՝ շահագրգռութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապ  հրամայական եւ հիմնական  նկատեց  ընկերութեան մէջ   ուրիշին նկատմամբ շահագրգռութիւն ցուցաբերելու հարցը , որպէսզի ոչ մի մարդ անտարբեր մնայ մերձաւորին նկատմամբ ու անոր աղերսին օգնութեան հասնելու  համար ներառեալ հազուադէպ հիւանդութիւններէն վարակուած անձերու կոչը։ Եւ այս մարդկային զգայացումը պէտք է ըլլայ տիեզերական ՝ անկախ կրօնային դաւանանքէ ինչպէս նաեւ ընկերային եւ մշակութային պատկանելիութենէն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ Երկրորդ կէտին մէջ նշեց  ''Գիտական հետազօտութիւնը'' ըլլայ դաստիարակչական ըլլայ գիտական շրջագիծէն ներս։չՖրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ համարեց աշակերտներու  մտային կազմաւորման զուգահեռ անոնց դաստիարակչութիւնը։ եւ այս մանկավարժական հեռանկարով    բարոյականութեան կարեւորութիւնը։ 

Ակադեմիական եւ գործարարական աշխարհի  մէջ կատարուած   գիտական  հետազօտութիւններն ու որոնումները յատուկ ուշադրութիւն ունենալու են՝  բարոյական  հարցերու նկատմամբ , որոնք դառնալու են միջոցներ կեանքի պահպանութեան եւ մարդու արժանապատուութեան ի խնդիր։

Երրորդ կէտը եղաւ`  ապահովել բուժուելու  հնարաւորութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ  այս առնչութեամբ մէջբերեց ՝՝ժողովուրդներու Աւետարանացման՝՝ առաքելական յորդորագիրէն հատուածներ ,  որոնց  մէջ  յորդոր կ՝ուղղէ  քաջութեամբ  պայքարիլ մեկուսացումի եւ ան համերաշխութեան դէմ ,  որոնք զոհեր կը յառաջացնեն այն ատեն երբ  կը գերիշխէ  շահը` մարդու կեանքի արժանիքի վրայ։  Ասոր համար յորդորեց Ֆրանչիկսոս Պապ հարկէ է աշխարհին ճանչցնել հազուադէպ  հիւանդութիւններու  հարցերը,  եւ այս ուղղութեամբ զարգացնել պատշաճ կազմաւորում ինչպէս նաեւ ներդրումներ կատարել ի սպաս հետազօտութեան ու նպաստել` օրէնսդրական նոր  օրէնքներու կարգաւորումին, եւ տնտեսական շահի երեւոյթի տեսողութեան փոփոխութեան, որպէսզի  մարդ էակը միշտ ունենայ առանձնաշնորհեալ տեղ։   

Ֆրանչիկսոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց աշխատանքներուն մէջ անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.