2016-04-29 10:19:00

Փալմիրի համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցները ընդհանուր առմամբ պահպանուած են։


Փալմիրի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցները վնասուած են, սակայն ընդհանուր առմամբ կարելի է խօսիլ անոնց պահպանուածութեան մասին` յայտարարած է կազմակերպութեան փորձագիտական խումբի ղեկավար Միշլեն Ռուսլըրը` կը փոխանցէ 1in.am-ը՝ վկայակոչելով RIA Novosti-ն:

«Կրնամ ձեզի ըսել, որ զգալի վնաս հասցուած է թանգարանին»,- ըսած է ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են ֆինանսական եւ փորձագիտական օգնութիւն ցուցաբերելու Փալմիրի վերականգնման հարցով` յայտարարած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Իսամ Ալ Խալիլը` Փալմիր այցի արդիւնքներով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումէն ետք:

Նախարարը նշած է, որ այսօր փորձագէտները պատմական կառոյցներու ու թանգարանի վնասներու գնահատման ու վերլուծման փուլի մէջ են:

Փորձագէտներու գնահատականներով` հնագոյն Փալմիրի 80 տոկոսով կանգուն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.