2016-04-29 12:49:00

Թաղման Կարգ Հոգելոյս Հ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սէֆէրեանի


Չորեքշաբթի 27 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու վանքի Մայր տաճարին մէջ, կատարուեցաւ նորօք հանգուցեալ Հ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սէֆէրեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը: Վախճանեալ վարդապետին մարմինը նախօրօք զետեղուած էր եկեղեցւոյ կեդրոնը, որուն շուրջ համախմբուեցան միաբան հայրերը: Թաղման կարգը գլխաւորեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի, Գերապայծառ Եպիսկոպոսներու, Առաջնորդներու, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի, Գերապատիւ վարդապետներու, Զմմառու վանքի Վարչական Հայրերու, Արժանապատիւ Քահանաներու, Առաքինազարդ Քոյրերու: Թաղման ներկայ գտնուեցան նաեւ Զմմառու գիւղերէն ժամանած մայրապետներ և քահանաներ, ինչպէս նաեւ «Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքի ուսանողներ և հանգուցեալ վարդապետին հարազատներ: Հոգեւոր Տէրը համապատարգ մատուցանեց բոլոր ներկայ հոգեւոր հայրերուն հետ, ի հանգիստ հանցուցեալին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հ. Յովհաննէս Ծ.Վրդ. Սէֆէրեանի քահանայական կեանքին, ըսելով. «Առաքինի վարդապետը իր քահանայական կեանքի 70 տարիներուն ընթացքին քսան և հինգ հազար սուրբ պատարագ մատուցած է մեծ ջերմեռանդութեամբ, որուն համար ուզեցի պատարագով սկսիլ թաղման կարգը»: Հոգեւոր Տէրը աւելցուց թէ «հանգուցեալը փոքր հասակէն սրբակեաց կեանք մը ապրած էր և իր շուրջիններուն բարի օրինակ հանդիսացած էր: Այս օրերուն եթէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին անոր նման անձնուէր, հնազանդ քահանաներ ունենար, մեր գաղութներուն իրավիճակը բոլորովին բարգաւաճ կը դառնար»: Պատարագէն ետք՝ սկսաւ թաղման եկեղեցւոյ կարգը, որուն ընթացքին կարդացուեցան Մարգարէական ընթերցուածներ, առաքելական թուղթեր և Աւետարանական հատուածներ: Որոնցմէ ետք՝ երգուեցաւ միաբան Հայրերու կողմէ «Ողջոյն քեզ Ս. Եկեղեցի» շարականը, որուն ընթացքին միաբանները իրենց վերջին յարգանքի տուրքը տուին հանգուցեալին: Այնուհետեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ, միաբան Հայրերը թափօրով ուղղուեցան միաբանական դամբարան, ուր ողբաձայն երգուեցաւ « Դարձ, անձն իմ, ի հանգիստ քո, զի Տէր կոչեաց զքեզ» սաղմոսը և կատարուեցաւ գերեզամանակարգը, միաժամանակ օրհնուեցաւ Տիրոջ ծառային՝ Հ. Յովհաննէսի հանգստեան հողը: Որմէ ետք աստուածային օրհնութեամբ դագաղը գերեզմանին մէջ զետեղուեցաւ: Իսկոյն հնչեցին եկեղեցւոյ սգոյ զանգերը, մինչ վարդապետները կ'երգէին «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»:
Հանգուցեալ Հ. Յովհաննէսի թաղման կարգէն ետք, ներկաները ուղուեցան Զմմառու վանքի մայր դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ ցաւակցութիւնները, որմէ ետք՝ հոգեճաշ:

«Հայր անոխակալ եւ բարեգութ, մաղթելով հայցեմք ի քէն վասն մեր ննջեցելոյն արժանաւորել հանգստեան օթեւանի սրբոցն» (Շարական):








All the contents on this site are copyrighted ©.