2016-04-28 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 ապրիլի քարոզը ՝՝Սուրբ Հոգիին դերակատարութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինշգաբթի, 28 ապրիլ 2016-ի՝ առաւօտուն, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝   Ֆրանչիսկոս Պապի  արտասանած  քարոզին առանցքը եղաւ Սուրբ Հոգին, Անոր  դերակատարութիւնն ու Անոր ընծայած անակնկալները։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով  Գործք Առաքելոցէն քաղուած  ընթերցումը,  որ կը խօսի Երուսաղեմի մէջ Քրիստոսի աշակերտներու գումարած ժողովի մասին,  ընդգծեց  թէ ''Սուրբ Հոգին է Եկեղեցւոյ դերակատարը'' Ան է ՝որ ի սկզբանէ եղաւ  առաքեալներուն ուժ ներշնչողը՝ աւետարանը հռչակելու համար, Սուրբ Հոգին է որ ամէն ինչ կը կատարէ եւ յառաջ կը տանի եկեղեցին, հակառակ անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, նոյնիսկ երբ հալածանքներ կան, Սուրբ Հոգին է որ կը քաջալերէ հաւատացեալները կառչած մնալու իրենց հաւատքին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկե  այդ շրջանին  Մովսէսի օրէնքները գործադրելէն յառաջացած հարցերու մասին եւ Սուրբ Հոգւոյն ցուցաբերած նոր ուղիներու մասին,  որոնք անակնկալներ էին։

Աշակերտները գտնուեցան դժուար կացութեան մէջ ըսաւ Քահանայապետը. մէկ կողմէն հարց կու տային եթէ ''Քրիստոս եկած է լոկ ընտրեալ ժողովուրդին համար'' , եթէ  Մովսէսի օրէնքները պէտք էին պարտադրուիլ նաեւ դարձի եկած հեթանոսներուն վրայ, եւ կամ եթէ պէտք է հետեւիլ Սուրբ Հոգիին ուղիներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Սուրբ Հոգիին դերակատարութիւնը, Անոր ուժականութիւնը ու յորդորեց  չի վախնալ ունկնդրելէ, որովհետեւ այն անձը որ կը վախնայ անսալէ՝ իր սրտին մէջ չի կրեր Սուրբ Հոգին։

Ֆրանչիկոս Պապ ապա յայտնեց,  ­ թէ այս է  նաեւ եկեղեցւոյ ուղին,  երբ Սուրբ Հոգին մէկ նորութիւնով մը եկեղեցին կը մատնէ  անակնկալի,   հարկաւոր է աշակերտներու նման գումարել ժողով  մը,  ինչպէս եղաւ  Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի պարագան։

Այսօր եւս ըսաւ Քահանայապետը կան դիմադրական կեցուածքներ սակայն՝ Սուրբ Հոգին միշտ յառաջ կ՛ընթանայ։ Այս է Եկեղեցւոյ ճանապարհը` ժողովիլ, միասնաբար հաւաքուիլ, ունկնդրել, բանակցիլ, աղօթել եւ որոշում առնել։ Այս է Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութիւնը, որ կը բացայայտէ Եկեկեցւոյ մէջ հաղորդութիւնը։ ՝՝Եւ ո՞վ է  հաղորդութիւն իրականացնողը՝՝ հարց տալով Ֆրանչիսկոս Պապ  պատասխանեց ՝՝Սուրբ Հոգին՝՝ ապա յորդորեց Սուրբ Հոգիին դիմաց ցուցաբերել խոնարհութիւն ու հետեւիլ Անոր ձայնին՝ անվախ։

Ֆրանչիկսոս Պապ իր քարոզը աւարտեց նշելով ՝՝Սուրբ Հոգին մեզ երբեք մինակ չի թողուր։ Ան մեզ կ՝օգնէ  դիմադրութիւնները նուաճելու եւ ընթանալու Տիրոջ ճանապարհին վրայ եւ ըլլալու քաջ մարտիրոսութեան մէջ ։  Խնդրենք Տիրոջմէ  Սուրբ Հոգիին հանդէպ հեզ գտնուելու շնորհքը՝ ընթանալու համար Յիսուսի   Քրիստոսի  մեզի եւ եկեղեցւոյ համար կամեցած  ուղիին վրայէն։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.