2016-04-28 10:53:00

Ռուսիոյ կաթողիկէներուն եւ օրթոտոքսներուն օգնութիւնը Սուրիոյ քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռուսիոյ Կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիները յայտնած են որ միացեալ նախաձեռնութեամբ անոնք օգնութեան պիտի հասնին Հոմս քաղաքի մանուկներուն։ Երկու եկեղեցիները հաստատած են նաեւ որ միասնաբար պիտի համագործակցին Սուրիոյ եկեղեցիներու վերակառուցումին ի խնդիր։

Վերոնշեալ այս որոշումը առնուած է Մոսկուայի մէջ` 21 Ապրիլին տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին, որուն մասնակցած են երկու եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Ապրիլին սկիզբը ռուս կաթողիկէ եւ օրթոտոքս բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Լիբանան ու Սուրիա այցելած էին ու այդ առթիւ համաձայնած էին իրենց սատարը բերելու ի սպաս պատերազմի պատճառաւ քանդուած եկեղեցական հաստատութիւններուն վերակառուցումին։

Լիբանանի Զահլէ շրջանը համախմբուած սուրիացի գաղթականներու կացութիւնը մեծապէս յուզած էր ռուս երկու եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները, որոնք որոշած են միասնաբար համագործակցիլ` Սուրիոյ եկեղեցական շէնքերու վերակառուցումներու աշխատանքը ապահովեցնելու համար։

Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Պապին ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքի հանդիպումը Քուպայի մէջ մեծապէս սատարեց վերոյիշեալ նախաձեռնութեան իրականացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.