2016-04-28 11:46:00

Գերապ. Վիկանոյի ելոյթը Վատիկանեան լրատուամիջոցներու բարեփոխումներու մասին։


''Առաքելական չափանիշը, սիրտը կը կազմէ Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն բարեփոխումներու գործընթացին'' ըսաւ գերապայծառ Վիկանօ։

(Ռատիօ Վատիկան) Աւետարանը հասցնել բոլորին, արժէքաւորել մարդուժը, բարելաւել ծախսերը այնպէս որ ամէն մէկ ծախսուած գումար, ունենայ առաքելական  դրդապատճառ մը''։ Ասոնք եղան` Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան կառավարիչ` գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի, չորեքշաբթի` 27 ապրիլ 2016ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին արտայայտած կեդրոնական գաղափարները, այնտեղ համախմբուած 400 լրագրողներու դիմաց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հաղորդակցութեան 10-րդ ուսումնաժողովին։

Գերապայծառ Վիկանօ հաստատեց ապա թէ Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն բարեփոխումներու գործընթացին հիմնական չափանիշը ''առաքելական չափանիշն է'', ընդգծելով թէ այդ բարեփոխումները չեն հայիր միայն կառոյցներուն այլեւ ''հաղորդակցութեան գործընթացին''։ Մեր նպատակակէտն է Աւետարանը եւ Քահանայապետին վարդապետութիւնը հասցնել ամէն մարդու սրտին, բոլորին ըսաւ գերապայծառ Վիկանօ եւ ներկայացնելով այս տարուայ ժամանակացոյցը որ կը նեռարէ Ռատիովատիկանի եւ Վատիկանեան հեռուստակայանի միացումը, գերապայծառ Վիկանօ վերահաստատեց թէ Վատիկանեան լրատուամիջոցներու բարեփոխումները  կ՛իրականացուին ''խմբային աշխատանքով'' ու համագործակցութեամբ, յաղթահարելով անհատականութեան հիւանդութիւնը եւ համադրումի պակասը։

Ան ապա պատասխանելով իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն հաստատեց թէ ''հաղորդակցութեան մէջ, հիմնական է մշակել մարդկայնական կապեր, որովհետեւ մարդը, ընդհանրապէս, սիրտը կը բանայ միայն բարեկամի մը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.