2016-04-28 10:02:00

ԱՄՆ-ն խստագոյնս կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծի իւրաքանչիւր բռնութիւն


Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի իւրաքանչիւր բռնութիւն եւ կ՝ուզէ, որ հնարաւորինս շուտ վերսկսուի բանակցային գործընթացը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի տեղակալ Մարք Թօնըր` անդրադառնալով հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուող լարուած իրավիճակին:

«Մենք տեսանք, թէ ինչպէս փխրուն հրադադար հաստատուեցաւ: Մենք ի սկզբանէ ոգեւորուած էինք` կարծելով, թէ ատիկա կը պահպանուի, սակայն ակնյայտօրէն լարուած իրավիճակը կը շարունակուի: Պետական քարտուղարը խօսած է երկու երկիրներու` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն հետ: Մինսկի խումբի մեր համանախագահը (Ճէյմս Ուորլիք,-խմբ.) այցելած է տարածաշրջան: Մենք կապի մէջ ենք երկու կառավարութիւններուն հետ, հակամարտութեան բոլոր կողմերուն հետ, եւ մեր ուղերձը անփոփոխ է` մենք խստագոյնս կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծի ցանկացած բռնութիւն եւ կ՝ուզենք հնարաւորինս շուտ տեսնել բանակցային գործընթացին վերականգնումը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի»,- յայտարարած է Թօնըր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.