2016-04-27 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Գնա՛ եւ դուն ալ նոյնպէս ըրէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 27 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ շարունակելով ողորմութեան մասին իր խորհրդածութիւնները յայտնեց թէ այսօր պիտի խորհրդածէ Ղուկաս Աւետարանէն քաղուած Բարի Սամարացիի առակին մասին (Ղուկ 10, 25-37)։

Օրէնքի վարդապետ մը Յիսուսի հարցում մը ուղղելով ուզեց զայն փորձել, ըսաւ Քահանայապետը, ''Վարդապետ ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ''։ Յիսուս կը հրաւիրէ այդ անձը` ինք տալու պատասխանը եւ օրէնքի վարդապետը ճշգրտօրէն կը պատասխանէ ''Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր ուժովդ եւ բոլոր մտքովդ եւ ընկերդ քու անձիդ պէս''։ Յիսուս  կը պատասխանէ ''Գործադրէ այս ամէնը եւ պիտի փրկուիս''։

Այդ մարդը սակայն ուրիշ հարցում մը կ՛ուղղէ Յիսուսին ''Ո՞վ է իմ ընկերս'', Յիսուսէն պահանջելով յստակ օրէնք մը որ դասակարգէ` ''ընկերը''։ Յիսուս անոր կը պատասխանէ առակով մը, որուն դերակատարներն են Քահանայ մը, Ղեւտացի մը եւ Սամարացի մը։

Առաջին երկուքը կապուած են տաճարի պաշտամունքին մինչ երրորդը նկատուած է հերետիկոս հրեայ մը, հեթանոս եւ անմաքուր։ 

Երուսաղէմէն` Երիքով տանող ճանապարհի վրայ, քահանան եւ ղեւտացին կը հանդիպին աւազակներու ձեռքը ինկած, կողոպտուած ու կիսամեռ թողուած մարդու մը։ Տիրոջ օրէնքը, այս պարագաներուն, կը նախատեսէ պարտականութիւնը անոր օգնութեան հասնելու­, սակայն երկուքն ալ կ՛անցնին ու զինք այնտեղ կը թողուն։

Այստեղ առակը մեզի ցոյց կու տայ առաջին ուսուցում մը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  այն որ Աստուծոյ տունը կը յաճախէ ու կը ճանչնայ Անոր ողորմութիւնը` ինքնաբերաբար չէ որ կը սիրէ իր մերձաւորը։ Քահանան ու Ղեւտացին տեսան, սակայն զանց առին. Թէեւ չկայ իսկական պաշտամունք եթէ այդ մէկը մերձաւորին հանդէպ ծառայութեամբ չի թարգմանուիր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երբեք չմոռնալ այս մէկը եւ աւելցուց ''բազմաթիւ մարդոց տառապանքի դիմաց որ թիրախ են անօթութեան, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու, չենք կրնար մնալ որպէս դիտորդներ։ Անտեսել մարդու տառապանքը կը նշանակէ անտեսել Աստուծոյ տառապանքը'' յայտնեց Նորին Սրբութիւնը ու անդրադարձաւ առակի կարեւորագոյն մասին` Սամարացիին։ Այն անձը որ անտեսուած է եւ որուն վրայ ոչ մէկը կը վստահէր, եւ որ իր գործերն ու զբաղումներն  ունէր, ու երբ կիսամեռ մարդը կը տեսնէ, կը գթա անոր վրայ։

Ահա այս է տարբերութիւնը­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, միւս երկուքը տեսան, սակայն անոնց սրտերը փակ էին, մինչ սամարացիին սիրտը կապուած էր Աստուծոյ սրտին, որովհետեւ գթութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան հիմնական առանձնայատկութիւն մըն է։ Եւ Սամարացիի ժեստերուն եւ ներգործութիւններուն մէջ կը ճանչնանք Աստուծոյ ողորմած միջամտութիւնը` փրկութեան պատմութեան մէջ։

Նոյն գթութիւնն է որ Տէրը կ՛արտայայտէ մեզմէ ամէն մէկուն. Ան մեզ չանտեսեր, կը ճանչնայ մեր ցաւերը եւ գիտէ որքանով ու երբ` կարիքը ունինք օգնութեան ու մխիթարութեան։ Ան մեր մօտ կու գայ եւ երբեք մեզ չի լքեր։

Սամարացին կը գործէ իսկական ողորմութեամբ, այդ մարդուն վէրքերը կը դարմանէ ու զայն կը փոխադրէ պանդոկ ու կը հոգայ անոր բոլոր պէտքերուն։ Այս բոլորը մեզի կը սորվեցնեն թէ գթութիւնն ու սէրը  անորոշ զգացում մը չեն, այլ կը նշանակէ հոգ տանիլ ուրիշին, կը նշանակէ մօտենալ անոր ու անոր հետ ներապրիլ. ''Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս''։

Առակի աւարտին Յիսուս իր կարգին հարց կ՛ուղղէ օրէնքի վարդապետին ըսելով. ''Այս երեքէն, քու կարծիքովդ, ո՞վ հանդիսացաւ ընկերը` աւազակներու ձեռքը ինկած մարդուն'' պատասխանը աներկիմաստ է ''Ան որ բարութիւն ցոյց տուաւ մարդուն հանդէպ''։ Յիսուս այս առակով ուզեց հաստատել թէ կարեւոր չէ դասակարգել եթէ մէկը ընկեր է թէ ոչ։ ''Դուն կրնաս ընկեր դառնալ որեւէ մէկուն որ կարիքի մէջ կը գտնուի, եւ այս կարելի է` եթէ սրտիդ մէջ ունիս գթութիւն'', հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով թէ այս առակը մեզի բոլորիս համար սքանչելի նուէր մըն է եւ միեւնոյն ատեն յանձնառում։

Յիսուս արդարեւ մեզմէ ամէն մէկուն կ՛ըսէ ''գնա եւ դուն ալ նոյնպէս ըրէ''։ Կանչուած ենք քալելու բարի սամարացիի ուղիին վրայ, որ է Քրիստոսի պատկերը. Յիսուս դարձաւ մեր ծառան ու մեզ փրկեց, որպէսզի մենք ալ կարենանք սիրել` ինչպէս ինք մեզ սիրեց։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն , հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յորդորելով հաւատարիմ ըլլալ իրենց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին. վկայելով Յիսուսի հետ հանդիպումի ուրախութիւնը, ու մահը յաղթող Քրիստոսին նայելով` ընդունին տառապանքը որպէս փրկութեան ու քաւութեան առիթ, հուսկ ընտանեկան փորձառութիւնը ապրին այն սիրոյ ակնարկով` ''որ ամէն ինչ կը ներէ եւ ամէն ինչ կ՛ընդունի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.