2016-04-27 09:53:00

՝՝Մարդկային իրաւանց՝՝ եւրոպական հիմնարկը կը քննադատէ ազրպէյճանական դաժանութիւնները


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը Tert.am-ին յայտնած է, որ Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի միջանկեալ զեկուցումը ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան եւ բանակի զինուորներուն դէմ 2-5 ապրիլ 2016-ի ժամանակաշրջանին ընթացքին կատարուած դաժանութիւններուն մասին:

Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը նաեւ պաշտօնական յայտարարութեամբ քննադատած է Ազրպէյճանի կողմէ հայկական քաղաքային բնակավայրերու եւ խաղաղ բնակիչներու դէմ ցուցաբերուած առանձնակի դաժան վերաբերմունքը: Հիմնարկը յայտնած է իր մտահոգութիւնը այն հարցին մասին, որ քաղաքային բնակչութիւնը ենթարկուած է պատիւն ու արժանապատուութիւնը նուաստացնող, անմարդկային վերաբերմունքի:

Հիմնարկը անդրադարձած է նաեւ քաղաքային բնակավայրերու եւ քաղաքային կառոյցներու, մասնաւորաբար դպրոցներու, մանկապարտէզներու դէմ կատարուած յարձակումներուն, երեխաներու եւ տարեցներու դէմ կատարուած անթոյլատրելի ոտնձգութիւններուն` նշելով, որ անոնք առաւելաբար կը խախտեն մարդու իրաւունքներու եւրոպական բարձր արժէքները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները:

Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ Եւրոպայի մէջ գործող կարեւորագոյն կառոյցներէն է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակը 2009-էն ի վեր նշեալ հիմնարկին անդամ է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.