2016-04-26 12:04:00

''Վերակենդանացնող բժշկութեան'' հայող միջազգային երրորդ խորհրդաժողով Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 28- 30 ապրիլ 2016-ին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ Միջազգային երրորդ խորհրդաժողովը հայող ''վերակենդանացնող բժշկութեան'' ու անոր մշակոյթի վրայ ազդեցութեան։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ  համագործակցութեամբ ''Գիտութիւն, Աստուածաբանութիւն եւ գոյաբանութեան հարց'' ծրագրին ։

Խորհրդաժողովը յատկացուած է ''վերակենդանացնող բժշկութեան'' ու յատկապէս մանուկները հարուածող հազուագիւտ հիւանդութիւններուն։

Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհահռչակ գիտնականներ, բժիշկներ, կրօնական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ, բարոյագիտութեան մասնագէտներ եւ լրագրողներ, միասնաբար բանակցելու բջիջային դարմանագիտութեան վերջին նուաճումներու մասին, որպէս յոյս եւ ապագայ։

2016-ի կազմակերպուած այս հաւաքը յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացնէ մանկական քաղցկեղի հիւանդութեան եւ սերնդաբանական հազուագիւտ հիւանդութիւններու ինչպէս նաեւ ծերութեան ընթացքին յայտնաբերուած հիւանդութիւններու։

Յայտնենք թէ աշխարհին մէջ աւելի քան 300 հազար անձ կը տառապին հազուադէպ հիւանդութիւններէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.