2016-04-26 10:35:00

Պայթում Երեւանի 63 երթուղիի մէջ. Կայ ութը վիրաւոր։


Երեւանի Հալաբեան­-Արզումանեան փողոցներու խաչﬔրուկին վրայ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով Ապրիլ 26-­ի ժամը 04.20-­ի դրութեամբ կայ 8 տուժած` 1963-ի ծնունդ Հասﬕկ Սուրենի Մելքոնեան, 1979-ի ծնունդ Անոյշ Արշալոյսի Եղիկեան, 1971-ի ծնունդ Յարութիւն Նազարի Թերզեան, 2002-ի ծնունդ Էդգար Արայիկի Գասպարեան, 2001-ի ծնունդ Անահիտ Սարգսի Միքայէլեան, 2001-ի ծնունդ Ռոլանդ Սուրիկի Խոջայեան, 1955-ի ծնունդ Արեգնազ Սարգսի Ղալեչեան, 1994-ի ծնունդ Արթուր Վաչիկի Մարգարեան: Վերջինը տեղափոխուած է «ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոն», ուր ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն` արդէն դուրս գրուած է:

Միւս տուժածները տեղափոխուած են «Արﬔնիա» հանրապետական հիւանդանոց, ուր բժիշկները Էդգար Արայիկի Գասպարեանի եւ Ռոլանդ Սուրենի Խօջայեանի առողջական վիճակը գնահատած են ծանր, Անահիտ Սարգսի Միքայէլեանինը` բաւարար, իսկ միւսներունը` ﬕջին ծանրութեան: Տուժածները ՀՀ քաղաքացիներ են: Կայ 2 զոհ, որոնց ինքնութիւնը կը ճշդուի:

Ապրիլի 25­-ի երեկոյեան Երեւանի մէջ ուղեւորատար հանրակառքի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումի փաստին առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 279-­րդ յօդուածի 3-­րդ մասի յատկանիշներով (Սպառողներու կեանքին կամ առողջութեան անվտանգութեան պահանջներուն չհամապատասխանող ծառայութիւններ մատուցանելը, եթէ այդ արարքները անզգուշութեամբ յառաջացուցած են երկու կամ աւելի անձերու մահ) յարուցուած է քրէական գործ, որ կը գտնուի է ՀՀ ՔԿ ՀԿԳ քննութեան վարչութեան վարոյթի մէջ:

 ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վլադիﬕր Գասպարեանը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ պայթումը արձանագրած են ճանապարհային տեսախցիկները: Ոստիկանութեան պետին խօսքով` պայթումը տեղի ունեցած է հանրակառքի աջ կողﬕ առջեւէն երկրորդ նստատեղիէն: Ոստիկանապետը չէ բացառած, որ պայթող նիւթը այդ նստատեղին նստած անձի մօտ եղած է, որուն ինքնութիւնը պարզելու համար աշխատանքներ են տարուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.