2016-04-26 10:49:00

Մեր պապերուն հաւատքով, յոյսով ու սիրով շարունակենք մեր գոյերթը


Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած առաջին տասնամեակներէն իսկ սկսեալ, ամէն տարի ամենուրեք, ըլլա՛յ Մայր Հայրենիքի մէջ, ըլլա՛յ սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ եւ Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ  պատշաճ հանդիսութեամբ կը յիշատակենք հայ ժողովուրդի պատմութեան  ամենամռայլ եւ ողբերգական էջը։

Ջարդերէն ու կոտորածէն հազիւ մազապուրծ, օտար ափերու վրայ օթեւան գտած հայ ժողովուրդին բեկորները իրենց վերականգնումի իղձին անսալով  վերաշինեցին իրենց բոյնը, կառուցանեցին եկեղեցին ու ապա վարժարանը՝  նորահաս սերունդներուն ջամբելու համար մայրենի լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը:

         Մարդասիրական հաստատութիւնները, որոնք օգնած էին տարագրեալ հայ ժողովուրդին, հոգալով անոր նուազագոյն կարիքները,  մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, շուտով փոխարինուեցան հայ կազմակերպութիւններով, որոնց մտահոգութիւնը  եղաւ օտար բարեգործական առաքելութիւններու գործը շարունակելէ  կամ զանոնք փոխարինելէ աւելի՝  ապահովել տարագրեալ ժողովուրդին հոգեւոր ու մտաւոր կարիքը:

         1939 թուականին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ  կը կանգնուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող առաջին յուշակոթողը երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանին նախաձեռնութեաբ: 1965-ին խորհրդային Հայաստանի մէջ կը կառուցուի Ծիծեռնակաբերդի համալիրը՝ Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը վառ պահող իր անմառ կրակով եւ երկնաձիգ աղօթքի նման կը բարձրացուի Մեծ Եղեռնին նուիրուած կոթողը :

         Հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ Մեծ Կոտորածէն ու անոր զոհ դարձած իր հայրենակիցներուն յիշատակը վառ պահելու համար համարկուեցաւ զինք ընդունող երկիրներուն մէջ եւ ապա շարունակեց բեղմնաւորել, աճիլ, զարգանալ հոգեմտաւորապէս եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր շրջապատի  ու զինք հիւրընկալող երկիրներու վերելքին: Հայը վերապրեցաւ ու գործեց ի հարկին քարէն հաց վաստակելու վճռակամութեամբ։ Ինչպէս լուսահոգի Պօղոս Արիս վարդապետը ըսած էր մարոնի համայնքի հովուապետին, այդպէս ալ հայը գործեց պարկեշտութեամբ ու նուիրումով եւ իր արդար ճակտի քրտինքով  ապահովեց իր եւ իր ապագայ սերունդներու գոյատեւումը:

         Հայը չմեռաւ, այլ՝ նահատակուեցաւ ու իր  նահատակներու թափած անմեղ արեան շնորհիւ է, որ վերընձիւղեցաւ մեր ազգը եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց միջազգային հանրութեան մէջ։ Ահա թէ ինչու յետ այսու անոնց հոգիներուն համար՝  հոգեհանգստեան արարողութիւն չէ՛ որ կը մատուցանենք, այլ՝ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած հայցելով մէկ ու կէս միլիոն սուրբերուն բարեխօսութիւնը։

         Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ ամէն բան նիւթականացած է եւ մարդու աշխարհաընկալումը՝ խաթարուած, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ հայուն տալ հայեցի ու քրիստոնէական ճիշդ դաստիարակութիւն, որպէսզի ան չկորչի ժամանակակից կեանքի այս խելահեղ յորձանքին մէջ եւ սպիտակ ջարդի զոհ չդառնայ։    

         24 Ապրիլը մեզի համար սոսկ սուգի ու ողբի օր  չէ այլեւս, այլ՝ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր ուխտը վերանորոգելու առիթ: Ան յոյսի եւ յաւերժութեան խորհրդանիշն է, որովհետեւ ոսոխը չկրցաւ իրագործել իր դժոխային ծրագիրը եւ չկրցաւ աշխարհի երեսէն բնաջնջել Հայ ցեղն ու Հայուն Հայրենիքը։

         Եկէ՛ք անսանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կոչին որ  ստալինեան հալածանքներու զոհերէն՝ անզուգական բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի բերնով կ՛ըսէ մեզի. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է»։ Արդարեւ, մեր միութեամբ կը յաղթահարենք ամէն խոչընդոտ, որ կը յայտնուի հայու ճակատագրին դիմաց: Այս համոզումով է որ յաղթեցինք ղարաբաղեան ճակատին վրայ։ Միութեամբ , համերաշխութեամբ եւ  մեր պապերուն հաւատքով՝ կրօնին,  յոյսով՝ ապագային ու սիրով իրարու հանդէպ պիտի շարունակենք մեր գոյերթը:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.