2016-04-26 10:27:00

Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը մաս կազմեց Պահրէյնի գիրքի ցուցահանդէսին։


Աւելի քան երեք հարիւր եւ ութցուն հրատարակչատուներ՝քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած՝մաս կազմեցին Պահրէյնի Թագաւորութեան 17-րդ Միջազգային Գիրքի Ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Մարտ 24-Ապրիլ 3, 2016,Պահրէյնի Ազգային Թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ՝եւ կազմակերպութեամբը Մշակոյթի Նախարարութեանը։

Աստուածաշունչի Ընկերակցութիւնը՝ Պահրէյնի Մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական հրաւէրովը՝մաս կազմեց այս միչազգային ցուցահանդէսին։ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը առաջին անգամն էր որ կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին՝ըլլալով միակ Քրիստոնէական կազմակերպութիւնը։ Աստուածաշունչի Ընկերակցութիւնը ցուցադրութեան դրած էր աւելի քան երկու հարիւր Աստուածաշունչեր եւ տարբեր լեզուներով՝ նաեւ փոքր ցուցահանդէս մը ներկայացնելով Աստուածաշունչը պատմութեան առանցքին, վեր առնելով Անոր մշակութային յատկութիւնները եւ տարբեր թարգմանութիւնները։

Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մասնակցութիւնը սոյն ցուցահանդէսին ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն։ Տեղական մամուլը անդրադարձաւ այս իրողութեանը։ Մեծ էր թիւը այցելուներուն՝որոնց հետաքրքրութիւնը եւ հարցումները կը կեդրոնանային ստանալու աւելի տեղեկութիւն Աստուածաշունչի բովանդակութեան եւ անոր Աստուածաբանական տուեալներու վրայ։ հետաքրքական էր տեղացի չափահաս տիկնոջ մը ակնարկութիւնը։ Եթէ նայեցաւ Աստուածաշունչերուն՝եւ անոր կողքի այլ հրատարակչատան մը տաղաւարին վրայ ցուցադրութեան դրուած Քուրաններուն ըսաւ։« Այս մեծ վկայութիւն մըն է Պահրէյնի եւ բոլոր այցելուներուն՝որոնք կրնան տեսնել թէ կարելի է միասին ապրիլ»։

Դոկտ.Հրայր ճէպէճեան, Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան, ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց մը Պահրէյնի հեռատեսիլէն։ Ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան մասին եւ նաեւ Աստուածաշունչ Մատեանի։ « Աստուածաշունչը միայն Քրիստոնէական կրօնքին գիրքը չէ։ Ան նաեւ մշակութային գիրք է որ համակեցութիւն կը քաջալերէ տարբեր կրօնքներու եւ ժողովուրդներու միչեւ»,- ըսաւ ան։

Դոկտ.Ճէպէճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի պետութեան որ կը քաջալերէ միչ -կրօնական գոյակեցութիւնը եւ հասկացողութիւնը։ « Պահրէյնի թագաւորութիւնը այն երկիրն է ուր տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ կրօններ միասին կ՚ապրին համերաշխօրէն։ Եւ ներկայ օրերուն մէջ՝մենք պէտք ունինք այս տեսակի օրինակելի համակեցութիւններու»,- ըսաւ ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.