2016-04-25 13:50:00

Ֆրաչիսկոս Պապի անակնկալ այցելութիւնը''երկրագունդի համաշխարհային օրուայ'' ձեռնարկին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ անակնկալ այցելութիւն կատարեց Հռոմի Վիլլա Պորկեզէ հանրային պարտէզին մէջ կայացած, երկրագունդի   համաշխարհային օրուան առիթով ՝ Եկեղեցական Ֆոքոլարինի շարժումի կողմէ կազմակերպուած հաւաքին,  որուն նպատակն է ցոյց տալ Հռոմի թաքուն երեսը` այնտեղ ու առանց այմուկի ամէն օր կ՛իրագործուի զօրակցութեան արտայայտութիւն, միջ կրօնական երկխօսութիւն, համակեցութիւն ու այլ ձեռնարկներ, որոնք փոքրիկ ներգործութիւններ ըլլալով, մամուլի առաջին էջերը չեն հրաւիեր թէեւ կը մնան քաղաքակրթութիւնը կառուցող փոքր քայլեր։ 

Սրբազան Քահանայապետը վերոնշեալ հաւաքի վայր ժամանեց  յետմիջօրէի 5-ին ուր կը գտնուէին 3500 է աւելի մասնակիցներ։

Այս առթիւ արտասանած իր անպատրաստից պատգամին մէջ  Նորին Սրբութիւնը յատուկօրէն խօսքը կեդրոնացուց  երկու պատկերներու վրայ.  անապատ եւ անտառ,  անապատը՝ որպէս յոյսի եւ կեանքի բացակայութեան վայր իսկ անտառը որպէս  կանանչութեամբ՝ ծառերով լի  վայր,  ուր ''կը տիրէ անկարգութիւնը եւ կը նմանի մեր կեանքին''  ըսաւ Սրբազան հայրը եւ խօսքը ուղղելով  ձեռնարկը կազմակերպիչներուն  յարեց ՝՝դուք անապատը կը կերպարանափոխէք եւ կը վերածէք զայն  անտառի,  ապա  կը նայիք ինչպէս դասաւորել անտառի մէջ գտնուող  կարգ  մը իրողութիւնները''։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց պայքար բառին վրայ որ  չինարէն լեզուով ունի երկու նշանակութիւն  վտանգ եւ երկրորդ հնարաւորութիւն։

Այո պայքարը վտանգ մըն է, ըսաւ Սրբազան հայրը  սակայն նաեւ հնարաւորութիւն , եւ այն որ չի գիտեր վտանգի ենթարկուիլ, երբեք պիտի չի կարենայ ճշմարտութեան մօտենալ։

Սրբազան հայրը խօսեցաւ  ապա  անշահախնդիր մօտիկութեան մասին յայտնելով՝ թէ երբեմն այս աշխարհին մէջ այնպէս կը թուի  թէ՝ ''Եթէ չի վճարես չէս կրնար ապրիլ '' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ` դրամ աստուածը կարծես ըլլար աշխարհի կեդրոնը եւ  ան որ կարող չէ անոր մօտենալ՝ զայն պաշտելու համար կը դառնայ անօթի, հիւանդ եւ չարաշահումի դատապարտուած։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ  ներումի կարեւորութեան մասին, ակնարկելով թէ '' դժգոհութիւնն ու ափսոսանքը մեզ կը հեռացնեն ու շեշտեց թէ հարկաւոր է միշտ կառուցել, գիտակից ըլլալով որ իւրաքանչիւր անձ ներելիք բան մը ունի։ Հարկաւոր է որ ամէնքս միասնաբար աշխատինք, իրար զիրար յարգելով, որպէսզի ականատես   ըլլանք՝ անապատը անտառի վերածող հրաշքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.