2016-04-25 09:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ազատագրելու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած կղերականները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 ապրիլ 2016-ին, յետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի զանազան երկիրներէն ժամանած աւելի քան 70 հազար պատանիներ, Սրբազան Քահանայապետը,  արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին արտասանած հակիրճ պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն որոնք աշխարհի զանազան վայրերէն Հռոմ ժամանած էին միասնաբար ապրելու հաւատքի ու եղբայրական համակեցութեան պահեր, ապա զանոնք քաջալերեց յառաջ ընդանալու քաջութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ վերյիշեց ապա Սպանիայի մէջ տեղի ունեցած Հայր Վալենթին Մարքինայի եւ անոր չորս ընկերներուն երանացման արարողութիւնը, հուսկ իր ողջ մտահոգութիւնը յայտնեց Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եպիսկոպոս եղբայրներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորներուն համար, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր առեւանգուած են Սուրիոյ մէջ։ ''Ողորմած Աստուած դպչի առեւանգողներու սրտերուն ու պահ մը առաջ մեր այդ եղբայրներուն պարգեւէ ազատագրումը ու իրենց հասարակութիւններու մօտ վերադարձը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ու հրաւիրեց աղօթել այս դիտաւորութեամբ, առանց մոռնալու նաեւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ առեւանգուած անձերը։

''Մեր բոլոր իղձերն ու յոյսերը յանձնենք Մարիամին` Ողորմութեան Մօր բարեխօսութեան'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ ետք աւելցուց. ''Սիրելի երիտասարդներ Յոբելենական ուխտագնացութիւնը կատարելէ ետք վերադարձէք ձեր տուները ձեր քրիստոնէական ինքնութեան ուրախութեամբ։ Թող Տէրը ձեզի ընկերանայ եւ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.