2016-04-25 10:13:00

Պան Քի Մուն Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը քննարկած է նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ազրպէյճանի նախագահական պալատի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Շաբաթ օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը»:

Նշենք, որ Պան Քի Մուն շաբաթ օր նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Քի Մուն լիակատար աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու ջանքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.