2016-04-25 09:16:00

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը Հայաստանի մէջ


Կիրակի, 24 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Անմար կրակին մօտ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ կատարեց հոգեւոր դասը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը:

Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` Իր կնոջ Ռիթա Սարգսեանի հետ, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:

Երկրին բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին նաեւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներն ու մասնակիցները, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային երկրորդ համաժողովի մասնակիցները:

Պաշտօնական բարձրաստիճան այցելուներէն բացի, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ, բազմահազար հայորդիներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.