2016-04-24 11:30:00

Պատանիներու Յոբելեան. ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. ''Սէրը ազատ պարգեւ է, յանձնառում է''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս հրապարակին վրայ աւելի քան 70 հազար պատանիներու ու անչափահասներու ներկայութեամբ, որոնք Եւրոպայի զանազան թեմերէն Հռոմ ժամանած էին Պատանիներու Ողորմութեան Յոբելեանի ուխտագնացութեան առթիւ։ 

Ներշնչուելով օրուայ Աւետարանէն, ուր Յիսուս կ´ըսէ . ''Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք իրար զիրար սիրէք'' Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ''Սիրեցեալ պատանիներ ու պարմանուհիներ, Սէրը քրիստոնեայի համար ''ինքնութեան թուղթ'' մըն է։ Անիկա կը մնայ միակ վաւեր անձնաթուղթը` ճանչցուելու համար որպէս Յիսուսի աշակերտներ։ Հետեւաբար Յիսուսի աշակերտը ըլլալու գլխաւոր պայմանն է` դրական սէր մը տածել։ Սէրը գեղեցիկ է, երջանկութեան միակ ուղին է։ Սակայն դիւրին չէ սիրել, անիկա կը պահանջէ ճիգ, յոգնութիւն եւ յանձնառում''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Օրինակ առնելով ''նուէրի մը ընկալումի'' իրողութենէն ըսաւ թէ այդ մէկը կ՛ուրախացնէ նուէր ընդունողը­, սակայն այդ նուէրը պատրաստելու համար հարկաւոր եղաւ ժամանակ ունենալ ու վատնել ապա` բանէ մը զրկուիլ''։  ''Պահ մը խորհինք մեր ծնողներուն ու կամաւորներուն­,  թէ որքան ժամանակ ու ջանք տրամադրեցին, որպէսզի մենք կարենանք մասնակցիլ Ողորմութեան այս Յոբելեանին - հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը ու հաստատեց, ''Սիրել կը նշանակէ տալ` ոչ միայն նիւթական բաներ, այլեւ ինքզինքը'' ապա աւելցուց.''Նայինք Տիրոջ, որ վեհանձնութեամբ անյաղթ է։ Անորմէ կ´ընդունինք հազարաւոր շնորհքներ, որոնց համար պէտք ենք ամէն օր երախտապարտ ըլլալ''։

 

''Սիրեցեալ պատանիներ, ձեր այս տարիքի ընթացքին, բնական է սիրելու ու գորով ընդունելու բաղձանքը։ Եթէ Տիրոջ դպրոցը յաճախէք պիտի սորվիք` ինչպէս աւելի գեղեցիկ դարձնել այդ սէրն ու գորովը, պիտի սորվիք ուրիշին բարիք ընել առանց անոր տիրանալու, պիտի սորվիք ուրիշը խնամել, յարգել, պաշտպանել ու սպասել։

Այս տարիքին ազատութեան մեծ բաղձանք մը ունիք։ Ազատութիւն կը նշանակէ ընտրել բարին, մի բաւարարուիք միջակութեան ձգտելով, ձեր երջանկութիւնը գին մը չունի։ Սէրը ազատ պարգեւ մըն է, բաց սիրտ մը ունի, կը սնանի վստահութենէն, յարգանքէն եւ ներումէն։ Սէրը չի իրականանար լոկ խօսքով, այլ գործով ու ապրումով։ Սէրը գեղեցիկ պատասխանատուութիւն մըն է որ մինչեւ վերջ կը տեւէ''։

Սրբազան հայրը հուսկ հարց տուաւ. ''Ի՞նչպէս կարելի է աճիլ սիրոյ մէջ'' եւ պատասխանեց. ''Գաղտնիքը կը գտնենք դարձեալ Յիսուսի մէջ։ Տէրը ինքզինք տուաւ։ Իրմէ սորվինք սիրել։ Ու երբ սէրը կը դառնայ դժուար, նայինք խաչին, ան մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի բարձունքները ու երբ իյնանք, ան կրկին մեզ վեր պիտի կանգնեցնէ։

Գիտեմ որ կարող էք բարեկամութեան ու բարութեան մեծ գործեր կատարել, դուք կանչուած էք կերտելու ապագան, ուրիշին հետ եւ ուրիշին համար, եւ ոչ թէ մէկու մը դէմ։ Կարող պիտի դառնաք սքանչելի բաներ իրագործել եթէ այժմէն սորվիք ապրիլ ձեր այս կեանքը, պարգեւներով այնքան հարուստ, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց պատանիները ըլլալու ''ախոյեան` մարզիկներու նման, որ կը հասնին բարձր նպատակին, խոնարհութեամբ ու քրտինքով մարզուելով ամէն օր''։

Ձեր առօրեայ յայտագիրը ըլլայ ողորմութեան գործեր կատարել։ Մարզուեցէք դառնալու ախոյանները կեանքի եւ այսպէսով պիտի ճանչցուիք որպէս Յիսուս աշակերտներ, եւ ձեր ուրախութիւնը  պիտի ըլլայ կատարեալ - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.