2016-04-23 21:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը անչափահասներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 ապրիլ 2016։ Սոյն թուականը` Հայոց աշխարհի համար սուրբ է։ Մեր անհամար նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման օրն է. օրը սուգի բայց եւ նաեւ յաղթանակի, օրը միասնականութեան ու հպարտանքի։ Օրը` յարգանք մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն։

Կիրակի 24 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի զանազան երկիներէն, Յոբելենական ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած` 70 հազարէ աւելի, 13-էն 16 տարեկան պատանիներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Մարեմեան աղօթքը մինչ  շաբաթ 23 ապրիլի երեկոյեան, Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ­ համախմբուած երիտասարդներուն ուղղեց պատգամ մը` որուն մէջ  ողջունելով բոլոր ներկաները ցաւ յայտնեց տօնախմբութեան ներկայ չի գտնուելուն համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  անոնց,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակը  հսկայ խոստովանարանի  մը վերածելուն եւ Սուրբ Դրան իրենց ուխտագնացութիւնը կատարած ըլլալուն համար։  Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց՝ թէ ''Սուրբ դուռը ցոյց կու տայ Քրիստոսի հետ հանդիպումը , որ մեզմէ կը խնդրէ Ողորմած դառնալ՝ ինչպէս Ինքը ողորմած է''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ընդհանուր ակնարկ  մը կատարեց  Ողորմութեան  ներգործութիւններու մասին յարելով ՝ թէ անոնք պարզ ժեսթեր են եւ  մաս կը կազմեն առօրեայ կեանքին, որոնք կը թոյլատրեն ճանչնալ  Յիսուսի դիմագիծը, անթիւ անձերու դիմագիծերուն ընդմէջէն։

Ողորմածներ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ կարող դառնալ ներողամտութիւն շնորհելու, ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ, օրինակներ թուելով դպրոցի, ժողովրդապետութեան ու այլ վայրերու մէջ պատահած,  ընկերներու միջեւ անհասկացողութեան  հետեւանքով ծագած խնդիրները, եւ զգուշացնելով վրէժխնդրութեան իղձէն, որ ''անօգուտ է եւ  ոչ մէկ բանի կը ծառայէ''։

Քահանայապետը ապա յորդորեց ներել, ներել ու ներել եւ մոռնալ անարդարութիւնները, որովհետեւ  այսպէս կատարելով ''կրնանք հասկնալ Յիսուսի ուսուցումը ու դառնալ  Անոր առաքեալներն ու Ողորմութեան վկաները''։ Սրբազան Քահանայապետը ապա լսատեսողական պատգամի աւարտին օրինակ թուելով ձեռքի հեռախօսը, որուն գիծը երբ անջատուած է կարելի  չէ կապ պահել  բարեկամներու եւ հարազատներու հետ,  հաստատեց թէ այս մէկը կը նմանի  Յիսուսին,  ''երբ Ան անջատուած է մեզմէ, կարելի չէ կապ պահել ուրիշներուն հետ,  եւ կը մնանք փակ վիճակի մէջ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաժեշտ առնելով անչափահասներէն անոնց մաղթեց որ ուրախութեամբ ապրին սոյն պահերը, ու ժամադրութիւն տուաւ անոնց` Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.