2016-04-23 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Սիրելի երիտասարդներ քաջ եղէք եւ հակահոսանք ընթացէք''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի պատանիներ եւ պարմանուհիներ, ձեր անունները գրուած են երկնքի մէջ, Հօր Աստուծոյ ողորմած սրտին մէջ, Եղէք քաջ եւ ընթացէք հակահոսանք'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ` 23 ապրիլ 2016-ին հրապարակած թուիթին մէջ, խօսքը ուղղելով 70 հազար երիտասարդներուն, որոնք Եւրոպայի  զանազան երկիրներէն ժամանած են Հռոմ ուր` 23-25 ապրիլ 2016` կը կատարեն իրենց ողորմութեան յոբելենական ուխտագնացութիւնը։

''Աճիլ բազումողորմ Հօր նման'' այս է ` 13-16 տարեկան Պատանիներու Յոբելեանի բնաբանը, որ մեկնարկեց` 23 ապրիլ 2016-ին եւ վերջ կը գտնէ 25 ապրիլին։ Այս երեք օրերուն ընթացքին պատանիները որ հիւրընկալուած են Հռոմի զանազան ժողովրդապետութիւններուն մէջ, առիթը պիտի ունենան, խումբ առ խումբ, մուտք գործելու Սուրբ Պետրոսի` Յոբելենական Սուրբ Դռնէն մինչ շաբաթ երեկոյեան Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ պիտի մասնակցին այդ առթիւ կազմակերպուած տօնախմբութեան­, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին անոնց ուղղած լսատեսողական պատգամ մը։

Կիրակի 24 ապրիլի առաւօտեան բոլոր երիտասարդները, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ,պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեան։

Վերոնշեալ ձեռնարկի մասին արտայայտուելով`  հայր  Քալոճերօ Մանկանելլօ, Իտալիոյ եկեղեցւոյ երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան փոխ վարիչը,  դիտել տուած է որ 13-16 տարեկան պատանիները, այդ տարիքին կը սկսին ընտրանքներ կատարել եւ թէ անհրաժեշտ է այդ պատանիներուն ընկերակցիլ ու զանոնք առաջնորդել, նա մանաւանդ այս դարաշրջանին մէջ, երբ անոնց առջեւ ապագան պղտոր կ՛երեւի։  Հայր Քալոճերօ խօսելով ապա ''ողորմութեան'' բառի մասին ըսած է ''մենք այդ պատանիներուն կ՛ուզենք հասկցնել թէ ողորմութիւն բառը կ՛իրագործուի վկայութեան մէջ, այն այրերու ու կիներու վկայութեամբ` որոնք ամէն օր իրենց կեանքը կը նուիրեն աւետարանին եւ ընկերութեան` բանտերուն, զօրակցութեան կեդրոններուն, հիւանդանոցներուն եւ այլ բարեսիրական կեդրոններուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.