2016-04-23 11:16:00

Քայլարշաւ՝ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշակոթող` ՀԿՄ-ի Զալքայի շեփորախումբին եւ Ս. Մեսրոպի արիներուն առաջնորդութեամբ:

Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով  արտասանեց Շաղիկ Պելիքերեքեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի սեմին թուրքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ իր վայրագ դիմագիծը, սակայն պատմութիւնը հաստատած է, որ ան չէ յաջողած հարուածել հայութեան: Արդարեւ, դիտել տուաւ ան, հայութիւնը անգամ մը եւս համախմբուած է վերանորոգելու իր ուխտը` խոստանալով հաստատ եւ տոկուն քայլերով շարունակել մեր պահանջատիրական երթը ամենայն վճռականութեամբ:

Հայերէն լեզուով խօսք առաւ Սիպելլա Մալեան-Փաջանեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը, միեւնոյն բարբարոսութիւններ գործողը` դիտել տալով, որ եթէ 100 տարի առաջ Կիլիկիոյ տարածքին ապրող հայութիւնը ենթարկուած էր ահաւոր սպանդի, ներկայիս Արցախի մէջ միեւնոյն մղձաւանջը կ’ապրի հայութիւնը, սակայն այս անգամ տարբեր տարողութեամբ եւ տարազով: Սիպելլա Մալեան-Փաջանեան նշեց, որ պատմութեան ընթացքին հայութիւնը ոչ ոքի իրաւունքը խլած է, սակայն երբ ուրիշը փորձած է իր իրաւունքները խլել, հայութիւնը վերածուած է մէկ բռունցքի եւ նետուած է պայքարի դաշտ` միաւորուելով հայրենիքի մէջ ու սփիւռքի:

Գեղարուեստական բաժինով քանի մը երգ ներկայացուց «Կռունկ» երգչախումբը:

Ապա արաբերէնով խօսք առաւ Պէյրութի Սաժէս համալսարանի Քաղաքակրթութեան բաժանմունքի տնօրէն գերապայծառ Քամիլ Մուպարաք, որ ըսաւ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու երիտասարդ թուրքերը, որոնք ահաւոր ու անմարդկային պայքար մղեցին հայերուն եւ քրիստոնեաներուն դէմ, չկրցան հարուածել հայ ժողովուրդին ազգային ոգին, որովհետեւ հայութիւնը կառչած մնաց իր լեզուին եւ ազգային արժէքներուն, 100 տարի գոյատեւեց իր հայրենիքէն դուրս: Գերապայծառը դիտել տուաւ, որ թուրքերը միշտ ալ փորձած են բնաջնջել ամէն ինչ որ հայկական է, սակայն չարաչար ձախողած են, որովհետեւ հայութիւնը տէրը կանգնեցաւ իր իրաւունքներուն, ժառանգութեան եւ այս բոլորը փոխանցեց սերունդէ-սերունդ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ, թէեւ այսօր Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր, սակայն անոր պատմութիւնն ու ներկան կը վկայեն, թէ ան կը սնանի անմեղներու արիւնով:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ անդրադարձաւ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի կարեւորութեան: Ապա «Կռունկ» երգչախումբը մեկնաբանեց տէրունական աղօթքը, որմէ ետք շեփորախումբին կողմէ հնչեց «Սարդարապատ» յաղթերգը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.