2016-04-23 10:22:00

Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան տարելիցի ձեռնարկերը պիտի կայանան Սթամպուլի, Անգարայի եւ Իզﬕրի մէջ


Հայոց ցեղասպանութեան 101-­րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան ոչ ﬕայն Թուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքին,  այլ նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Իզﬕրի մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արﬔնփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» պարբերականը:

 Ապրիլ 24-­ին Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ Թուրքիոյ ժամանակով 15:30-­ին պիտի ոգեկոչուի թրքական բանակին մէջ էթնիկ խտրականութեան եւ ատելութեան հողի վրայ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի յիշատակը: Աւելի ուշ` 19:15-­ին Սթամպուլի կեդրոնական` Իսթիքլալ պողոտայի վրայ պիտի կայանայ ոգեկոչման գլխաւոր արարողութիւնը:

Նախորդ տարուայ նման այս տարի եւս Սթամպուլի Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի, սակայն դեռեւս յայտնի չէ, թէ արդեօք պատարագին պետական մակարդակով մասնակցութիւն պիտի ըլլայ , թէ ոչ (Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած պատարագին ներկայ էր Եւրոﬕութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարարը):

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Ապրիլ 23-­ին  «Հայոց ցեղասպանութիւնը երկրորդ հարիւրամեակի շեﬕն» խորագիրով քննարկում մը պիտի  կազմակերպուի, իսկ Ապրիլ 24-­ին տեղի ժամանակով 15:00­ին տեղի պիտի ունենայ յիշատակի երթ, որուն ընթացքին պիտի կարդացուին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներուն անունները:

Իզﬕրի մէջ Թալէաթ փաշայի անուան զբօսայգիին մէջ Ապրիլ 24-­ին տեղի ժամանակով 19:00-­ին հաւաքուած իզﬕրցիները պիտի պահանջեն Հայոց ցեղասպանութեան 101-­րդ տարին ճանչնալ կատարուածը ու  ներողութիւն խնդրել:








All the contents on this site are copyrighted ©.