2016-04-21 09:27:00

Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան. Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչում


Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին կազմակերպած Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ` նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք Թամար Կանիմեան հրաւիրեց  ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան` յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներուն եւ Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը, ապա իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ թուրք պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր անառարկելի պատասխանատուութենէն եւ արդար հատուցում կատարելու պարտաւորութենէն խուսափիլ` կառչած մնալով իր ժխտումի վարքագիծին: Իսկ այսօր, նշեց ան, ազրպէյճանցիները կ՛ուզեն իրենց թաթը դնել Ղարաբաղի սուրբ հողերուն վրայ: Ան իր խօսքի աւարտին զօրակցութիւն յայտնեց արցախահայութեան` ըսելով. «Ի՜նչ փոյթ մեր թիւը փոքր է, Արցախը մերն է. մեր շարքերը ամրակուռ են, մեր զինուորները` ուխտեալ, մենք պատրաստ ենք զոհուելու եւ ազատ անկախ միացեալ Հայաստան կերտելու»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Շահանդուխտի «Արցախի հերոսներուն» բանաստեղծութեամբ, որ  մեծ ապրումով արտասանեց Աքասիա Ազատեան, յաջորդեց Վահէ-Վահեանի «Պիտի չմոռնա՛նք» խմբային ասմունքը: Սերժիօ Ահարոնեան մեկնաբանեց «Ո՜վ հայոց մայրեր» երգը, իսկ Սելին Գոգեան ներկայացուց «Զարմանալի հայ» քերթուածը, որմէ ետք Արեւ Պոյաճեան ջութակով նուագեց «Ալպինոնի Ատաճիօ» կտորը:

Օրուան պատգամը տուաւ Կարօ Յովհաննէսեան: Ան իր խօսքը սկսաւ հարցադրելով, թէ երբ միջազգային կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն ու ոճիր կը նկատեն անասունի մը սպանութիւնը, իսկ ի՞նչ պիտի ըսէին ամբողջ ժողովուրդի մը սպանդին մասին արդեօք հայ ժողովուրդը անասունի չափ չկա՞ր, որպէսզի պաշտպանուէր: Ապա յայտնեց, որ Թուրքիան սկսած էր իր համաիսլամական, համաթուրանական եւ համաթուրքական շարժումը եւ պիտի չուզէր Եւրոպայի իր կորսնցուցած հողերուն նման կորսնցնել նաեւ արեւելեան շրջանի իր հողամասերը: Կարօ Յովհաննէսեան անդրադառնալով հայոց աղէտի ահաւորութեան ըսաւ, թէ հայու հողատարածքին եօթը տասներորդը անցած է թուրքին ձեռքը, իսկ մշակութային հասկացողութեան իմաստով ամբողջութեամբ կացինահարուած է Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային գործունէութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի հայ դատին, պատգամախօսը ըսաւ, թէ Հայ դատը հրատապ հարց մը չէ այսօր միջազգային գետնի վրայ, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ մնայուն բարեկամութիւններ չկան, այլ կան մնայուն շահեր: Հայ դատի բարւօք լուծումը պէտք չէ սպասել դուրսէն, Հայ դատը ամէն բանէ առաջ հայուն դատն է, որքան որ կարեւոր են արտաքին ձեռնարկները, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է ներքին ճակատը, որովհետեւ հայուն պէտք է ճանչցնել հայը եւ պէտք է լաւ ճանչնալ թուրքը, նշեց ան, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Ժամանակը յօգուտ մեզի չ՛աշխատիր, սակայն մենք չենք յուսահատիր, չենք նահանջեր, այլ կը շարունակենք մեր միասնակամ պայքարը` մինչեւ յաղթանակ: Ի տես մեր բոլոր ձախողութիւններուն, մեր արդար իրաւունքները ոտնակոխուած են, որովհետեւ մեր դիմացինները աւելի միջոց ունէին, քան մենք, սակայն ալ իրաւունք չունինք տկար ըլլալու, պէտք է զօրանանք, պիտի զօրանանք եւ պիտի յաղթենք»:

Ելոյթ ունեցաւ վարժարանի երգչախումբը եւ մեկնաբանեց փունջ մը ազգային հայրենասիրական երգեր` մասնակցութեամբ երգի ուսուցչուհի  Սոնիկ Բամպուքեանի, մինչ ընթացքին Ռաֆայէլ Մըխսեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»: Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին Ալիք Պապօղլի արտասանեց հայր Վահան Յովհաննէսեանի «Բերէ՛ք ինձ զայն» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»-ը:

Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան: Ան ըսաւ, թէ հայոց պատմութեան մէջ 1915 թուականը խոր վէրք բացած է հայութեան սրտին մէջ, որ մինչեւ այսօր կ՛արիւնի: Տասնամեակներ սգացած ու լացած ենք, բայց այսօր մեր արցունքը սրբած ենք  եւ դարձած պահանջատէր մեր անժամանցելի դատին, միացեալ հայրենիքին, Արցախին, Ջաւախքին, Արեւմտեան Հայաստանին, նշեց ան` հաստատելով միաժամանակ, որ պահանջատէր մնալու համար պէտք ունինք պահանջատէր սերունդներու, որոնք լաւ կը ճանչնան իրենց պատմութիւնը, կը տիրապետեն լեզուին, կը յաճախեն հայկական վարժարան, կը լեցնեն հայկական եկեղեցիներ, կառչած կը մնան հայ արժէքներուն եւ տէր կը կանգնին իրենց ինքնութեան:

Խօսքի աւարտին տնօրէն Պոյաճեան կոչ ուղղեց բոլորին, որ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց երդում տան շարունակելու կտակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամախօս Կարօ Յովհաննէսեանին եւ ձեռնարկի հովանաւոր` Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, ապա բեմ հրաւիրեց դեսպանը եւ ձեռամբ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի դպրոցին կողմէ յանձնեց յուշանուէր մը` մաղթելով յաջող ու արգասաբեր տարիներ մայրիներու երկրին մէջ:

Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց, թէ յուզիչ եւ ոգեւորիչ ձեռնարկը մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, որ համայն հայութիւնը կը նշէ: Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը մենք կը կրենք մեր մէջ եւ պէտք է զայն փոխանցենք ապագայ սերունդներուն, նշեց ան, ապա հաստատեց, որ հայութեան պահանջը յստակ է` ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակը եւ կորուստներու արժանի փոխհատուցումը, որոնց հասնելու համար իւրաքանչիւրը ունի անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ:

Խօսք առաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան դիտել տուաւ, թէ բեմ բարձրացած հրաշք հայ աշակերտները լաւագոյն փաստն են հայու գոյութեան եւ յաղթութեան: Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան ըսաւ, թէ նահատակները կու տան յոյսի եւ յաղթանակի պատգամը եւ կը յորդորեն չվախնալ ու պայքարը շարունակել, որպէսզի բարձր պահենք մեր հայրենիքը, հպարտ ըլլանք Ղարաբաղով եւ  պայքարինք անոր համար:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները եւ աշակերտները, շարքեր կազմած, երկիւղածութեամբ  վարդեր տեղադրեցին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանին անմար կրակին շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.