2016-04-21 09:31:00

Ոչ եւս է Հ. Յովհաննէս Ծ.Վ. Սէֆէրեան


Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը ցաւօք սրտի կը գուժէ թէ Հ. Յովհաննէս Ծ.Վ. Սէֆէրեան, անդամ Զմմառու Միաբանութեան, եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներով զօրացած՝ հանգեաւ ի Տէր, Չորեքշաբթի 20 Ապրիլ 2016-ին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ: 
Հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ 9 Մարտ 1919-ին: Ան իր նախնական ուսումը Զմմառու վանքին մէջ աւարտելէ ետք, մեկնած էր Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան, ուր հետեւած էր իմաստասիրութեան և աստուածաբանութեան դասընթացքներու: Քահանայ ձեռնադրուած էր Հռոմ 1 Ապրիլ 1945-ին: Պաշտօնավարած էր երկար տարիներ Լիբանան, Յորդանան ապա Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը որպէս հոգեւոր հովիւ:
Աստուծմէն հայցելով երկնային խաղաղութիւն և հանգուցեալին յաւիտենական կեանք, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանութեանս աւագ և կրտսեր բոլոր անդամներուն:
Խնկանուէր աղօթք և յաւիտենական հանգիստ լուսահոգի վարդապետին անմահ յիշատակին








All the contents on this site are copyrighted ©.