2016-04-21 09:25:00

Հալէպի Պետական համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ձեռնարկներ


Ապրիլեան ոգեկոչումներու շրջագիծէն ներս, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ին, մեկնարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած «Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ»-ը, «Ազգերու եւ մշակոյթներու ցեղասպանութիւնը թուրքերու ձեռամբ» խորագրեալ եռօրեայ ցուցահանդէսով, կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբի նուագակցութեամբ ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Հալէպի Բժշկական համալսարանի «Ալ Ռազի» սրահէն ներս, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Հալէպի պետական համալսարանի կուսակցապետ` Տոքթ. Մուհամմէտ Նայէֆ ալ Սալթի Հովանաւորութիւնը: Բացումին ներկայ էին նաեւ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա ալ աֆիունի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Կաթողիկէ Հայոց եւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան: Ցուցահանդէսին յաջորդեց բեմադրիչ Նաճտաթ Անզուրի «Ֆանիյա ուա թաթապատտատ» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.