2016-04-21 12:04:00

Լիբանան. Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 24 ապրիլ 2016-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձին առթիւ, ուրբաթ 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8-ին,  կազմակերպուած է քայլարշաւ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ, որ կը մեկնի Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցիէն եւ վերջ կը գտնէ Ժիէթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ, ուր տեղի կ՛ունենայ ոգեկոչման արարողութիւնը` ի յիշատակ հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու, միութիւններու եւ վարժարաններու։

Իսկ Կիրակի 24 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան 4,30-ին, Ժիէթաուիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, նախատեսուած է Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւն, զոր կը մատուցանէ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի, Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը  եւ որուն ընթացքին յաւուր պատշաճի խօսքը կ՛արտասանէ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան։

Յաւարտ սուրբ պատարագին հանդիսաւոր բոլոր ներկաները  թափօրով կ՛ուղղուին դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակը ուր` նահատակաց Յուշակոթողին առջեւ կը կատարուի նահատակաց յատուկ աղօթք։








All the contents on this site are copyrighted ©.