2016-04-20 09:48:00

Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի աջակցութիւնը Արցախին


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Ապրիլ 19-ին ունեցած են  խորհրդակցութիւն ԼՂՀ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են վերջին օրերուն Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով մեր հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է այս ծանր օրերուն Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի աջակցութիւնը Արցախին եւ համայն հայութեան համախմբումն ու միասնականութիւնը` զայն համարելով մեր բոլոր յաղթանակներու հիմնական գրաւականներէն մէկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.