2016-04-19 09:33:00

Ուաշինկթըն խստօրէն կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստած՝ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ տարեկան զեկուցումին մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու աղէտալի վիճակին եւ խիստ քննադատութիւններ ուղղուած են Անգարայի հասցէին: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ յատկացուած է 75 էջ, մինչ Սուրիոյ՝ 55 էջ:

Թուրքիոյ վերաբերող բաժինին մէջ կ՛ըսուի. «Պետութիւնը կը միջամտէ խօսքի ազատութեան, իրաւունքի անկախութեան, եւ իր թոյլ կառավարման պատճառով բաւարար կերպով չի պաշտպաներ քաղաքացիները»:

Զեկուցումին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7, 2015ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները արդար չեն եղած:

Նշուած են հիմնական երեք քննադատութիւններ, որոնք են՝ կառավարութիւնը միջամտած է քաղաքացիներու արտայայտուելու ազատութեան՝ ձերբակալելով 30է աւելի լրագրողներ, երկրին մէջ արդարադատութեան տկարութեան պատճառով կառավարութիւնը անհիմն պատրուակներով կը փորձէ իշխանութիւնը քննադատող երեսփոխանները (հիմնականին մէջ՝ քիւրտ) զրկել անձեռնմխելիութեան իրաւունքէն եւ բաւարար չափով չի կրնար պաշտպանել իր քաղաքացիները (զինուորական բախումներ, կիներու, ազգային եւ կրօնական, սեռային փոքրամասնութեանց իրաւունքներու ոտնահարում, հակահայ, հակաալաուի, հակահրէական հռետորաբանութեան օգտագործում, եւ այլն):








All the contents on this site are copyrighted ©.