2016-04-19 09:10:00

Էքուատորի մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 350-ի


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էքուատորի ներքին գործոց փոխնախարար Տիեկօ Ֆուենթես յայտնած է, որ շաբաթ օր երկիրը հարուածած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 262-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւն է` 2527:

Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորիա յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը առնուազն 272 է: Աւելի ուշ երկրին կառավարութիւնը յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը 350 է:

Երկրաշարժէն վնասուած վայրեր ուղարկուած են 10.000 զինուորներ եւ 3500 ոստիկաններ: Էքուատոր հասած է առաջին մարդասիրական օժանդակութիւնը` Վենեզուելայէն եւ Մեքսիքայէն:

Շաբաթ օր երկիրը հարուածած երկրաշարժը այնքան հզօր եղած էր, որ զգացուած էր դրացի Քոլոմպիոյ մէջ: Յայտարարուած է ծովաշարժի վտանգ:

Քոլոմպիական «Քարաքոլ» ձայնասփիւռի կայանին տուեալներով` Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորիա 17 ապրիլի երեկոյեան հասած է Մանթա քաղաք, որ կը գտնուի հարաւային ամերիկեան երկրին` երկրաշարժէն առաւել վնասուած գօտիին մէջ: Այժմ Մանթայի մէջ կը շարունակուին փրկարարական աշխատանքները:

Առաւել վտանգուած քաղաքներու շարքին են նաեւ Փետեռնալեսը, ուր աւերուած են շէնքերուն մինչեւ 80 առ հարիւրը: «Էքուինոքիօ» ձայնասփիւռի կայանը յայտնած է, որ բնական աղէտի հարուածէն փուլ եկած են բազմայարկ պանդոկներ, ճաշարաններ, բնակելի շէնքեր: Աւերուած է նաեւ Փորթովիեխօ քաղաքին կեդրոնական շրջանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.