2016-04-19 10:36:00

Էքուատորի եկեղեցին օգնութեան կը հասնի երկրաշարժի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Էքուատորի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, ի տես Էքուատորը հարուածող ահեղ երկրաշարժին, կոչ մը  ուղղած է հաւատացեալներուն, դրամահաւաք մը կազմակերպելու առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժի  զոհերուն։

Իտալական Եկեղեցին իր կարգին, 100 հազար եւրօ տրամադրած է Էքուատորի եկեղեցւոյ։

Էքուատորի Քարիթասի նախագահը եւս աշխարհի համայն Քարիթասներուն կոչ ուղղած է` օգնութեան հասնելու, անցեալ 17 ապրիլին, երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան։

Երկրաշարժը պատճառած է 2500 վիրաւոր ու մինչեւ օրս յայտնաբերուած մեռեալներու թիւը հասած է 350-ի։ Երկրի վեց մարզերուն մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.