2016-04-18 10:52:00

ֆրանչիսկոս Պապ.''Մանուկները խաղաղութիւնը կը փնտռեն, Եւրոպան պէտք է կամուրջներ կերտէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մանուկները խաղաղութիւնը կը փնտռեն, Եւրոպան պէտք է կամուրջներ կերտէ'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը` Լեզւոս կղզիէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

''Ծանր օր մը եղաւ ինծի համար'' յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''այս ճամբորդութիւնը քաղաքական ոչ մէկ յետին նպատակ ունէր, այլ լոկ մարդասիրական։ Կը մտէր ''երկխօսութեան ու համարկումի'' կամուրջներ կերտել ըսաւ Ան ապա լրագրողներուն ցոյց տուաւ գաղթական մանուկներուն իրեն նուիրած գծագրութիւնները, որոնց ընդմէջէն այդ անմեղ անհատները ուզած են պատկերացնել իրենց ապրած ողբերգութիւնը` նաւաբեկութիւն, մահ, լացող արեւ, հուսկ  խաղաղութիւն պահանջող խնդրանք մը։ ''Մանուկները տեսնելով, յուզումը պատեց սիրտս'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, հուսկ  անդրադառնալով  Հռոմ փոխադրուած երեք մահմետական գաղթական ընտանիքներուն, յայտնեց թէ ''ոչ մէկ նախընտրութիւն կայ քրիստոնեայի ու մահմետականի միջեւ, պարզապէս այդ ընտանիքներու գաղթականութեան դիմումնագիրի ''թղթածրարը'' պատրաստ էր։

Առաջին ցանկին մէջ կային նաեւ քրիստոնեայ երկու ընտանիքներ, սակայն անոնց թուղթերը կանոնաւոր չէին։ Ասիկա առանձնաշնորհում մը չէ։ Ամէնքը Աստուծոյ զաւակներ են, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։  Ան ապա յայտնեց թէ ''կը հասկնայ պետութիւններու ու ժողովուրդներու մտավախութիւնները յաչս գաղթականութեան երեւոյթին'' սակայն հարկաւոր է նաեւ ''հիւրընկալութեան պատասխանատուութիւն'' մը ունենալ ըսաւ Ան, որուն համար հարկաւոր է  քաղաքական լուծումներ որոնել։

Սրբազան Պապին համար համարկումի նիւթը կենսական է։ Ան Օրինակ բերաւ Փարիզի մահափորձին ահաբեկիչները, որոնք գաղթականներու զաւակներ էին, սակայն քաղաքական համարկումի պակասի հետեւանքով, պատահեցաւ այն ինչ որ պատահեցաւ։ Այսօր Եւրոպան պէտք է լրիւ իւրացնէ համարկումի քաղաքականութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ տարբերութիւն չկայ պատերազմէն փախչողին ու անօթութենէն փախչողին միջեւ, որովհետեւ երկուքն ալ արդիւնքն են շահագործումի։

Ճամբորդութեան արժէքին մասին հարցումին, Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Կալկաթայի Մայր Թերեզայի մէկ խօսքը`  փոքրիկ ժէսթերն են որ կը բարեփոխեն աշխարհը։ Ամէնքս կանչուած ենք մեր ձեռքը երկնցնելու կարօտեալին։

Հարցումներու շարքին կային նաեւ Սրբազան Քահանայապետին Ընտանիքի սիրոյ մասին հրապարակած վերջին յորդորագիրի մասին հարցումներ որոնց պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ  ''Ընտանիքը հիմն է ընկերութեան։ Եւ թէ ընտանեկան կառոյցը այսօր կ՛ապրի մեծ տագնապ մը եւ թէ ինք յորդորագիրին մէջ կը խօսի այդ տագնապի մասին ու թէ հարկաւոր է այս իրականութեան լոյսին տակ  կարդալ յորդորագիրը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.