2016-04-18 09:55:00

Սուրիոյ վերականգնման համար անհրաժեշտ է 150-180 միլիառ տոլար


Համաշխարհային դրամատան ղեկավար Ճիմ Եոն Քիմ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Համաշխարհային դրամատան միացեալ ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ վերականգնման համար պիտի պահանջուի 150-180 միլիառ տոլար: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

«Սակայն զիս կը մտահոգէ այն, որ քարիւղի գիներու անկումին պատճառով անհրաժեշտ գումարը չհաւաքուի: Սովորաբար ելեւմտական օգնութեան մեծ մասը կը տրամադրուէր շրջանային դրացիներու` քարիւղ արտահանող պետութիւններու կողմէ, սակայն հիմա այդ երկիրները իրենք կը դիմագրաւեն պիւտճէական նուազումներ»,- ըսած է Քիմ:

Նախապէս հրապարակուած տուեալներու համաձայն, Մարտ 2011-էն ի վեր շարունակուող տագնապին պատճառով Սուրիոյ տնտեսութիւնը կրած է տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու վնաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.