2016-04-18 10:17:00

Սալվատորի Իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարած են երաշտի պատճառով։


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սալվատորի մէջ կլիմայական փոփոխութիւնները, որոնք վերածուած են երաշտի եւ ջուրի անբաւարարութեան, Կեդրոնական Ամերիկայի այս հանրապետութեան իշխանութիւններուն հարկադրած են 14 ապրիլին արտակարգ դրութիւն յայտարարել:

Սալվատորի բնակչութեան թիւն է 6,4 միլիոն:

Սալվատորի նախագահ Սանչես Սերեն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է.«Ես ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ազգային վարչութեան ղեկավարութեան արտօնեցի յայտարարել արտակարգ դրութիւն, ինչ որ անոր պիտի արտօնէ երեք ամսուան մէջ 3,5 միլիոն տոլար ստանալ եւ անյապաղ ձեռնամուխ ըլլալ նոր հորեր փորելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ձեռնարկել այլ միջոցներու»:

Բացի ատկէ, մայրաքաղաքի շրջանին մէջ, ուր իրավիճակը ամէնէն ծանրն է, սահմանուած է տագնապի այսպէս կոչուած «նարնջագոյն» դրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.