2016-04-18 12:49:00

Այն որ Յիսուսին կը հետեւի չի սխալիր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եթէ մտիկ ընենք Յիսուսի ձայնին, մեր ճամբան չեն կորսնցներ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, երկուշաբթի 18 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Յիսուս` ըսաւ Քահանայապետը, բարի Հովիւն է, ու միակ դուռն է որ կ՛առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք։ Ան դուռ է, ճանապարհ ու ձայն։ Յիսուս կը զգուշացնէ ''ով որ փարախի դռնէն չի մտներ` գող է եւ աւազակ''։

''Յիսուս ոչխարներուն դուռն է, չկայ այլ իրողութիւն'' հաստատեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ Տէրը շատ յստակ կը խօսի։ Կարելի չէ յաւիտենական կեանքը ընդունիլ այլ տեղէ եթէ ոչ կեդրոնական դուռէն` որ է Յիսուսը։ Ան դուռն է յաւիտենական կեանքին ու նաեւ առօրեայի կեանքին։ ''Զգոյշ եղէք վարձկաններէն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Յիսուս` Բարի Հովիւը կը ճանչնայ իr ոչխարները ու անոնց առջեւէն կը գալէ, անոնց ցոյց տալով ճանապարհը։

Այն որ Յիսուսին չի հետեւիր կը սխալի։ Իսկ անոնք որոնք կը հետեւին անոր ձայնին իրենց ճանապարհը չեն կորսնցներ, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը  հաստատելով թէ ''Յիսուսի ճանապարհին ուղեցոյցը, կը գտնուի երանութիւններուն մէջ''։

Եթէ մէկ մը այլ ուղիներ ցոյց տայ, այդ մէկը վարձկան մըն է, գող եւ աւազակ։

''Դուն կրնաս Յիսուսը ճանչնալ երանութիւններուն մէջ. Կրնաս զայն ճանչնալ երբ կը խօսի ողորմածութեան ներգործութիւններու մասին։ Կրնաս զայն ճանչնալ երբ քեզի կը սորվեցնէ աղօթել Հայր Մերը'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատելով թէ Յիսուս դուռն է ու հրաւիրելով չմոռնալ թէ` Ան` դուռն է, ճանապարհը ու ձայնը։

Հայցենք շնորհքը որպէսզի ''Հովիւը որ դուռ է մեզի ցոյց  տայ ճանապարհը ու մեզի սորվեցնէ մտիկ ընել Անոր ձայնին'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.