2016-04-17 06:01:00

17 Ապրիլ 2016 – Դ Կիրակի Յինանց - Կարմիր Կիրակի (Յովհ. 5, 19-30)


Սիրելի Հաւատացեալներ

Այսօր՝ Զատկուան յաջորդող երրորդ կիրակին ըստ մեր Հայ Ծէսին կը կոչուի Կարմիր Կիրակի։ Կարմիր յատկանիշը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Արիւնը որ մեր Փրկիչը թափեց մեր փրկութեան համար, ու անով հաստատեց իր Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ մարտիրոսներունը որոնք նահատակուեցան վկայելով ու քարոզելով Աւետարանը, ու քրիստոսաւանդ արժէքները։

Այսօրուան առաքեալներու գործերու ընթերցումին մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս հրեաները կը մերժեն Աստուծոյ խօսքը ու յաւիտենական կեանքի հրաւէրը, ու կը հալածեն առաքեալները, որ կ՛ուղղուին հեթանոսներու մօտ որոնք ուրախութեամբ կ՛ընդունին աւետարանը ու կը մկրտուին դառնալով Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամներ։

Այսօրուան Յովհաննէսի աւետարանէն ընթերցումն ալ կը հաստատէ նոյն հրաւէրը զոր Յիսուս ինքը մեզի կ'ուղղէ այս խօսքերով.«Ով որ իմ խօսքս լսէ եւ հաւատայ Անոր որ զիս ղրկեց, կ՛ընդունի յաւիտենական կեանքը, եւ դատաստանի չ՛ենթարկուիր, այլ կ՛անցնի մահէն՝ կեանքի»։

Ինչպէս նաեւ մեզի ցոյց կու տայ Հօր Աստուծոյ կամքը, եւ կը յորդորէ հետեւիլ իր օրինակին նպատակակէտ դարձնել զայն, փնտռել ու կատարել Աստուծոյ կամքը մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Քրիստոս վերջին դատաստանին ալ կ'ակնարկէ, թէ մարդիկ դատաստանի պիտի կանչուին իր առջեւ, անոնք որ բարիք ըրած են կեանքին պիտի արժանանան իսկ անոնք որ չարիք գործած են դատապարտութեան։

Քրիստոս եկաւ աշխարհ, փրկելու համար մարդկութիւնը , յաւիտենական կեանքը պարգեւելու մահկանացուներուս, եւ լուսաւորելու մեղքի հետեւանքով խաւարի մէջ գտնուողներս, իր աստուածային խօսքերով ու օրինակով, ցոյց տուաւ մեզի Հօր Աստուծոյ կամքը՝ մեր սրբութիւնն ու փրկութիւնը, սակայն շատեր մերժեցին զինք ու նախընտրեցին իրենց եսի խաւարն ու մահը, քան Աստուծոյ պարգեւած լոյսն ու փրկութիւնը։ Մինչդեռ առաքեալներն ու մեղաւորները, Քրիստոսի հետեւեցան իր մէջ գտնելով իրենց մխիթարանքը, խաղաղութիւնը, զինք ճանչնալով իբր ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք, սիրոյ եւ բարիքի աղբիւր։ Իրենց ամբողջ կեանքը դարձաւ վկայութիւն ու փառաբանութիւն Տիրոջ, որ զիրենք անարժանները դարձուց սիւները եկեղեցւոյ եւ իրենցմով տարածեց իր Խօսքը եւ աշխարհով մէկ աճեցուց իր եկեղեցին։

Նոյն հրաւէրը Աստուած այսօրուան աւետարանի խօսքերով ու առաքեալներու վկայութեամբ մեզի կ'ուղղէ, փնտռել Աստուծոյ կամքը, ընդունիլ Քրիստոս մեր սրտերէն ներս, ու յաւիտենական կեանքի հետամուտ ըլլալ սրբութեան ու բարեգործութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ դատաստանին ու իր երանաւէտ Տեսքին արժանանալու։

Եկող շաբաթ մեր Եղեռնի նահատակներու ոգեկոչման շաբաթն է, մանաւանդ յիշատակման օրը Ապրիլ 24, որ այս տարի կը զուգադիպի Կիրակի օր, մեր Կարմիր Կիրակին, ոռոգուած մեր մարտիրոսներու արեամբ։ Թո՛ղ Տէրը բիւրաւոր մեր նահատակներու բարեխօսութեամբ, օրհնէ Հայ ժողովուրդը, հոգեւոր եւ նիւթական Վերելք տայ մեր հայրենիքին, խաղաղ պահէ, ու պաշտպանէ երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէն, ու պահապան կանգնի մեր զինուորներուն որ անխոնջ կը հսկեն հայրենիքի բոլոր սահմանները։

Այս բոլորը կը խնդրենք, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, եւ թախանձագին կը հայցենք իր որդիէն ու մեր Տիրոջմէ նաեւ խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհի, հիւանդներու առողջութիւն, մեղաւորներուն դարձ, ննջեցեալներուն յաւիտենականութիւն, եւ մարդոց սրբութիւն։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.