2016-04-16 13:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեզւոս կղզիին մէջ արտասանած աղօթքը։


Ողորմութեան Աստուած,

Քեզի կ՛աղօթենք բոլոր այն մարդոց, կիներուն ու մանուկներուն համար,

որոնք մեռան, իրենց հողերը լքելէն ետք,

աւելի լաւ կեանքի մը փնտռտուքի ընթացքին։

Թէեւ անոնց շատերու շիրիմներու վրայ նոյնիսկ անուն մը չկայ,

անոնցմէ ամէն մին Քեզմէ ճանչցուած, սիրուած ու նախասիրուած է։

Թող երբեք մեզմէ չմոռցուին, այլ մեծարենք անոնց զոհաբերումը, գործերով` աւելի քան խօսքերով։

 

Քեզի կը յանձնենք բոլոր անոնք որոնք այս ճամբորդութիւնը կատարեցին,

վախ, անապահովութիւն եւ նուաստացումներ հանդուրժելով,

հասնելու նպատակով ապահով եւ յոյսի վայր մը։

Այնպէս ինչպէս Դուն Քու Զաւակդ չի լքեցիր,

երբ Մարիամն ու Յովսէփն զայն առաջնորդեցին ապահով վայր,

այժմ եւս մօտիկ եղիր այս քու մանչերուդ եւ դուստրներուդ,

մեր քնքշութեան եւ պաշտպանութեան միջոցաւ։

Այնպէս ըրէ որ հոգ տանելով անոնց, կարենանք կառուցել աշխարհ մը ,

ուր ոչ մէկը պարտի թողուլ իր սեփական տունը,

եւ ուր բոլորը կարենան ապրիլ ազատութեամբ, արժանապատուութեամբ ու խաղաղութեամբ։

 

Ողորմութեան Աստուած ու բոլորին Հայր.

արթնցուր մեզ անտարբերութեան քունէն,

բաց մեր աչքերը անոնց տառապանքին,

եւ ազատէ մեզ անզգամութենէն,

որ է պտուղը աշխարհիկ բարեկեցութեան ու անձնասիրութեան։

Մեզ բոլորս` ազգեր, հասարակութիւններ եւ անհատներ, ներշնչէ`

որպէսզի գիտակցինք թէ անոնք որոնք մեր ծովափերը կը հասնին,

մեր եղբայրներն ու քոյրերն են։

Օգնէ մեզի` անոնց հետ բաժնեկցելու օրհնութիւնները,

որ ընկալեցինք քու ձեռքերէդ,

եւ ընդունիլ որ միասնաբար, մէկ մարդկային ընտանիքի նման,

մենք բոլորս գաղթականներ ենք, յոյսի ճանապարհորդներ, ընթացող դէպի Քեզ,

որ մեր իսկական տունն ես,

այն վայրը ուր ամէն մէկ արցունք պիտի սրբուի,

եւ ուր պիտի ապրինք խաղաղ եւ ապահով, քու բազուկներուդ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.