2016-04-16 13:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 ապրիլի թուիթը ՝՝Գաղթականները թիւեր չեն՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին, Լեզւոս կղզի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Քահանայապետական թուիթերեան կայքին մէջ լոյս տեսաւ նոր թուիթ մը, քաղուած Նորին Սրբութեան հովուական այցելութեան ընթացքին արտասանած մէկ  պատգամէն,  որուն մէջ Ան կը հաստատէ թէ ''Գաղթականները թիւեր չեն'', այլ անհատներ, որոնք ունին դէմք, անուն եւ պատմութիւն, ու թէ այս իրականութեան վրայ հիմնուելով է որ պէտք ենք վարուիլ անոնց հետ։

 ՝՝Գաղթականները թիւ չեն, անոնք՝ դէմքեր, անուններ եւ պատմութիւններ են, եւ այս իրողութեան հիման վրայ է որ պէտք է վարուինք անոնց հետ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.