2016-04-16 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ – Սիփռաս հանդիպում Լեզւոս կղզին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, շաբաթ 16 ապրիլ 2016-ին,  տեղական ժամով 10,20-ին (Հռոմի ժամով` 9.20 անց) ժամանեց Յունաստանի Լեզւոս կղզի ուր զինք դիմաւորեց Յունաստանի Վարչապետ` Տիար Ալեքսիս Սիփռաս որուն հետ Նորին Սրբութիւնը առանձնական հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ օդակայանին մէջ։ ''Հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկեցին գաղթականներու եւ փախստականներու տագնապի հարցը եւ յատկապէս Լեզւոս կղզիի մէջ ապրուած տագնապալի վիճակը'' հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ ապա մատնանշեց թէ հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ թէ ապաստանեալներու տագնապը եւրոպական եւ միջազգային հարց մըն է, որուն հարկաւոր է միջազգային օրէնքները յարգող համապարփակ պատասխան մը տալ։

Հայր Լոմպարտի ապա նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատեց Յոյն ժողովուրդին ցուցաբերած մարդկային վերաբերմունքը որ հակառակ ապրուած տնտեսական դժուար կացութեան, կարողացաւ բացայայտել զօրակցութիւն եւ նուիրում`  համամարդկային արժէքներուն նկատմամբ։

Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ ապա հարկաւորութիւնը պաշտպանելու այն անձերը, որոնք ծովի ճանապարհներու մէջ,  վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց կեանքը, շեշտուեցաւ հարկաւորութիւնը` Եւրողայի մէջ անոնց համար զարգացնելու նոր ու ապահող ընթացակարգեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.