2016-04-16 09:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Լեզւոս։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 16 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն, միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ դէպի Յունաստանի Լեզւոս կղզիի` Միթիլենէ օդակայան, ուր  Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոսի եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս` գերերջանիկ Հիերոնիմոս Բ-ի հետ միասին կ՛այցելէ Լեզւոս կղզիի մէջ ապաստան գտած ու ողբերգական վիճակի մէջ ապրող փախստականներն ու գաղթականները, անոնց ։

Դէպի Յունաստան թռիչքի ընթացքին­, սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրեր յղեց այն երկիրներու նախագահներուն` որոնց օդային տարածքին վրայ սաւառնեցաւ. Իտալիա, Ալպանիա, եւ Յունաստան։

Իտալիոյ նախագահին յղած հեռագիրին մէջ, Սրբազան Հայրը նախագահին վստահեցուց իր աղօթքները` Իտալացի ժողովուրդին համար, որպէսզի ան կարենայ հեռատեսութեամբ եւ զօրակցութեամբ յաղթահարել ժամանակակից մարտահրաւէրները։ Սրբազան Քահանայապետը Ալպանիայի նախագահին ու ժողովուրդին վրայ հայցեց` խաղաղութեան եւ ուրախութեան Աստուածային օրհնութիւններ ապա Յունաստանի նախագահին ու ժողովուրդին փոխանցեց ամենաբարի մաղթանքներն ու աղօթքները, բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.