2016-04-16 10:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Լեզւոս կղզի կատարած ճամբորդութիւնը որակեց ''Տխուր ճամբորդութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Լեզւոս կղզի առաջնորդող ճանապարհորդութեան  ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ  իր հետ ճամբորդող 50 լրագրողներուն հետ, եւ անոնց ուղղած հակիրճ ողջոյնի խօսք մէջ յայտնեց թէ ''այս ճամբորդութիւնը տարբեր է այլ ճամբորդութիւններէ։ Առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններու ծիրէն ներս, մենք ընդհանրապէս կ՛երթանք խիտ յայտագիրով, հանդիպելու մարդոց, անոնց հետ խօսելու եւ…ապրելու հանդիպումի ուրախութիւնը։ Այս Ճանապարհորդութիւնը սակայն տխրութեան ու տխուր ճամբորդութիւն մըն է։ Մենք կ՛երթանք հանդիպելու` Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք, մեծագոյն  մարդկային աղէտին։ Մենք կ՛երթանք տառապանքի մէջ ապրող բազմաթիւ մարդոց մօտ, որոնք չեն գիտէր ուր էրթայ եւ որոնք ստիպուած էին փախչիլ։ Պիտի այցելենք նաեւ գերեզման մը` ծովը։ Բազմաթիւ մարդիկ այնտեղ խեղդամահ եղան։ Այս բաները կ՛ըսեմ ոչ թէ ձեզ նեղացնելու համար, այլ որպէսզի ձեր այսօրուայ աշխատանքը եւս կարողանայ մամուլին հաղորդել հոգեվիճակը որով կը կատարեմ այս ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալ եմ որ ինծի կ՛ընկերանաք։ Սրտանց շնորհակալութիւն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ուզեց աւելցնել վերջին խօսք մը` ''կ՛ուզէի յիշել նաեւ թէ այսօր` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, կը նշէ իր 89-րդ տարեդարձը։ Աղօթեցէք իրեն համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.