2016-04-16 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ, Բարթողոմէոս Ա եւ Հիերոնիմոս Բ-ի միասնական յայտարարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 16 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Բարթողոմէոս Ա եւ Հիերոնիմոս Բ, Լեզւոս կղզի կատարած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս, ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.  ''Յունական Լեզւոսի կղզի ժամանեցինք, մեր խոր մտահոգութիւնը բացայայտելու­, ի տես բազմաթիւ փախստականներու, գաղթականներու եւ ապաստանեալ անհատներու ապրած ողբերգական իրավիճակին, որոնք Եւրոպա ժամանած են, փախչելով յաճախ իրենց կեանքը վտանգող հակամարտութիւններէն։

Համաշխարհային կարծիքը չի կրնար անտեսել այս մարդկայնական տագնապը, որ սկիզբ առաւ պատերազմի, բռնութեան, կրօնաւոր ու ցեղային փոքրամասնութիւններու հալածանքի եւ ընտանիքներու տեղահանութեան ու  մարդկային իրաւունքներու ինչպէս նաեւ մարդու հիմնական ազատութեան եւ իրաւունքի խախտումի բերումով։

Երեք հովուապետերը իրենց յայտարարութեան մէջ ապա ընդգծեցին թէ այս ողբալի տագնապը կարիքը ունի զօրակցութեան, կարեկցութեան եւ վեհանձնութեան պատասխանի, ապա միասնաբար կոչ ուղղեցին միջազգային հասարակութեան, որպէսզի քաջութեամբ համապատասխանէ այս համամարդկային տագնապին, ու դիմագրաւէ` սոյն տագնապը յառաջացնող պատճառները, դիւանագիտական, քաղաքական եւ բարեսիրական միջոցներով, ըլլայ Միջին Արեւելքի, ըլլայ Եւրոպայի մէջ։

''Որպէս մեր Եկեղեցիներու ղեկավարներ, մենք միացած ենք խաղաղութեան իղձի եւ երկխօսութեան ու հաշտութեան ճանապարհով լուծելու հարցերը'' գրեցին ապա երեք եկեղեցապետերը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելիով ''Յոյն ժողովուրդին որ հակառակ բոլոր տնտեսական դժուարութիւններուն­, վեհանձնութեամբ համապատասխանեց այս տագնապի կարիքներուն''։

Միասնաբար եւ հանդիսաւոր կերպով կը հայցենք` Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ու բռնութիւններու դադրեցումը եւ մշտատեւ ու արդար խաղաղութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ արժանավայել վերադարձը` բոլոր անոնց որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուներն ու օճախները։ Կրօնական հասարակութիւններէն կը խնդրենք  որ իրենց ջանքերը կրկնապատկեն, սատարելու համար բոլոր կրօններու պատկան գաղթականներուն, մինչ կառավարութիւններէն կը պահանջենք որ այնքան որ իրավիճակը անկայուն  է, ժամանակաւոր ապաստանեալի կարգավիճակը ապահովուի նաեւ բոլոր անոնց որոնք իրաւասու են։

 

''Եւրոպան կը գտնուի  համաշխարհային Բ պատերազմէն ետք մարդկայնական մեծագոյն տագնապի դիմաց եւ այս տագնապը դիմագրաւելու համար կոչ կ՛ուղղենք Քրիստոսի բոլոր աշակերտներուն, որպէսի յիշեն մեր Տիրոջ խօսքերը ''Անօթի էի եւ կերակրեցիր զիս, ծարաւի էի եւ ջուր տուիր ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցիք զիս....ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք'' (Մատթ. 25, 35-36.­40)

Երեք հովուապետերը ապա իրենց յանձնառումը յայտնեցին,  աշխատելու քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս,  հաստատելով թէ ''հաշտուիլ կը նշանակէ զարգացնել` ընկերային արդարութիւն ժողովուրդներու միջեւ։ Անոնք ապա վերահաստատեցին իրենց կամքը ''ամէն մէկ անհատի ապահովեցնելու մարդկայնական արժանավայել հիւրընկալութիւն''։

''Մեր այսօրուայ հանդիպումը կ՛ուզէ քաջութիւն եւ յոյս ներշնչել բոլոր անոնց որոնք ապաստան կը փնտռեն ու բոլոր անոնց որ այդ ապաստանեալները կ՛ընդունին եւ կը հիւրընկալեն'' գրեցին ապա երեք Եկեղեցապետերը, Միջազգային հասարակութիւնը խրախուսելով ''մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը նկատել` որպէս  առաջնահերթութիւն, եւ այս առընչութեամբ մշակել ներառնող քաղաքականութիւններ, որոնք ''պէտք է կիրարկուին ու տարածուին համայն կրօնական հասարակութիւններուն''։

Միասնական յայտարարութիւնը եզրափակուեցաւ աղօթքի խնդրանքով` բոլոր անոնց համար որոնք թիրախ են այս մարդկայնական տագնապին, ներառեալ քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.