2016-04-16 10:40:00

Պատրիարք Սաքօ. Քահանաները պէտք չեն Իրաքի քրիստոնեաներու աքսորը կազմակերպել։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իրաքի եկեղեցին ու յատկապէս անոր քահանաները պէտք չեն կազմակերպել քրիստոնեաներու արտահանումը իրենց հայրենիքէն'', ըսաւ Սաքօ պատրիարքը Էրպիլի մէջ վերջերս գումարած  քահանաներուն ժողովի ընթացքին։

Այնտեղ համախմբուած կղերականները ապա դատապարտեցին բոլոր այն ընկերակցութիւնները կամ անհատները որոնք կը քաջալերեն քրիստոնեաներու գաղթը դէպի արտերկիր, տնտեսական ու քաղաքական շահեր ապահովեցնելու յոյսով։ Քաղդէացի եկեղեցին միաժամանակ ընդգծեց` յարգել կամքն անոնց, որոնք այլ լուծումներ չ՛ունենալով  եւ որոշ պատճառներու բերումով ու ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումներու լուծին չ՛ենթարկուելու համար ընտրած են գաղթի ճանապարհը­, ապահով կեանքի ու  աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.