2016-04-16 14:58:00

Երեք գաղթական ընտանիքներ Քահանայապետական օդանաւով կը ժամանեն Իտալիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին,  հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց հիւրընկալութեան ժեստ մը ցուցաբերել գաղթականներու նկատմամբ, իր օդանաւին մէջ իր հետ Հռոմ բերելով Սուրիացի երեք գաղթական ընտանիքներ, կազմուած 12 անձերէ, որոնցմէ վեցն անչափահասներ են։

Այս ձեռնակը կարելի եղաւ, կը յայտնէ միշտ Հայր Լոմպարտին, Վատիկանի Պետքարտուղարութեան, Յունաստանի եւ Իտալիոյ իշխանութիւններու միջեւ կայացած բանակցութիւններու շնորհիւ։

Վերոնշեալ ընտանիքներու անդամները, բոլորն ալ մահմետական են, երկուքը Դամասկոսէն, իսկ մէկը Տէր էլ զօրէն։ Անոնց հիւրընկալութեան եւ կեցութեան ծախսերը, Վատիկանը պիտի հոգայ, Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան։ համագործակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.