2016-04-15 12:36:00

Հեզ սիրտ մը ունեցողին՝ Աստուած միշտ կը պարգեւէ շնորհքը՝ արժանապատուութեամբ վերականգնելու


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 15 ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ ուր՝ կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին։

՝՝Սրբազան իրողութիւններուն հանդէպ հաւատարիմ գտնուիլը չի նշանակեր Աստուծոյ հանդէպ բաց սիրտ մը ունեննալ՝՝  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝ եւ հաստատեց թէ ՝՝հեզութիւնը՝ Աստուծոյ նկատմամբ սիրտը բանալու  ուղին է։

Ան ապա  օրինակ բերաւ սուրբ Պօղոսը,  որ  Դամասկոսի ճամբուն վրայ   գետին ինկաւ եւ կոյր դարձաւ   եւ  լսեց հրեշտակի ձայնը   որ կ՝ըսէր  ՝՝Ոտքի ելիր եւ քալէ՝՝։

 Ֆրանչիկսոս Պապ  ընդգծեց  թէ հրեշտակը չ՝ ըսաւ Սուրբ Պօղոսին ինչո՜ւ կը հալածես զիս, այլ ըսաւ ոտքի ելիր եւ քալէ ։ Սուրբ Պօղոս անմիջապէս հասկցաւ թէ պէտք էր ընդունէր Տիրոջ կողմէ ստացած  խոնարհեցումը ։

՝՝ Երբ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ   խոնարհեցումին կամ  թոյլ կու տայ որ ենթարկուինք հեզութեան , այս կ՝ընէ,  որպէսզի մեր սիրտը բացուի հեզութեան  եւ ապաշխարելու ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնեով թէ այս բոլորին  դերակատարը Սուրբ Հոգին է եւ ոչ թէ օրէնսգէտները։ Սուրբ Հոգին է  որ կ՝առաջնորդէ Աստուծոյ Ժողովուրդը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա քարոզի աւարտին հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել շնորհքը մեցի ցոյց տալու մեր սրտի կարծրութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնան  մեր անկումին։ ''Խնդրենք Տիրոջմէ  ըսաւ Սրբազան Հայրը շնորհքը որ մեզի  ուղարկէ  նաեւ խոնարհեցումները, որպէսզի  կարենանք վերականգնիլ այն արժանապատուութեամբ որով Աստուած մեզ ստեղծեց, այսինքն շնորհքը՝ ունենալու բաց ու խոնարհ սիրտ մը Սուրբ Հոգիին ներգործութիւններուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.