2016-04-15 10:06:00

Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահը Վատիկան կը ժամանէ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆրանչիսկոս Պապին


(Ռատիօ Վատկիկան) Պանկիի մօտ Առաքելակական նուիրակի մամլոյ գրասենեակը անցեալ օրերուն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ  տեղեկացուց՝ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած է Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան նոր ընտրուած  նախագահ` Փրօ­Արքանժ Թուատերայի, Սրբազան Հօր ներկայացուցած  խնդրագիրը որով նախագահը յայտնած էր կամքը քաղաքավարական այցելլութիւն կատարելու Վատիկան Նորին Սրբութեան յայտնելու համար  Իր եւ Կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդին երախտագիտութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին  անցեալ նոյեմբեր 2015-ին Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած  առաքելական  ճամբորդութեան համար եւ  այդ ճամբորդութենէն  բխած դրական արդիւնքներուն համար ։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է՝ թէ Նախագահ Թուատերայի  այցելութիւնը Վատիկան նախատեսուած է յառաջիկայ 18 ապրիլին եւ սոյն  այցելութիւնը կը հանդիսանայ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան  նախագահի առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը անոր`  անցեալ փետրուար 2016-ին նախագահ ընտրուելէ ետք ։








All the contents on this site are copyrighted ©.