2016-04-15 11:15:00

Թաթուլ Ալթունեանի անուան Հայաստանի երգի-պարի պետական վաստակաւոր համոյթը Իտալիոյ մէջ։


Թ.Ալթունեանի անուան Հայաստանի երգի-պարի պետական համոյթը, հինգշաբթի 14 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, ժամը 9-ին, Հռոմի ''Օրիոնէ'' անուամբ թատերասրահին մէջ ներկայացուց Իտալիոյ վեց քաղաքներու մէջ նախատեսուած ելոյթներէն առաջինը, ի ներկայութեան Հռոմաբնակ բազմաթիւ հայորդիներու եւ իտալացի բարեկամներու։

Այս առաջին անգման է որ փառքի բարձունքներ ու հազարաւոր ունկնդիրներու սրտեր նուաճած երգի պարի հայկական այս խումբը ելոյթներ կ՛ունենայ Իտալիոյ մէջ։

Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան Իտալիոյ մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Տիար Սարգիս Ղազարեան ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ Նաամոյեան։

''Թաթուլ Ալթունեան'' համոյթի իտալիոյ քաղաքներուն մէջ ներկայացումները տեղի կ՛ունենան հովանաւորութեամբ  Հռոմահայ` Տիար Ճիորճօ Ուրֆալեանին։

Հայաստանի երգի-պարի պետական համոյթը Հռոմէն ետք կը մեկնի Ֆիրենցէ, ապա Կուպպիօ հուսկ Պոլոնիա­, Փատովա եւ ի վերջոյ Միլանօ։ Համոյթի անդամները ապա 24 ապրիլին պիտի մասնակցին, Հռոմի` Փանթէոնի մօտ  կազմակերպուած, ապրիլեան նահատակներու ի յիշատակ` մէկ ձեռնարկին։ 

''Թաթուլ Ալթունեան'' համոյթին Հռոմի ելոյթը ոգեւորեց բոլոր ներկաները, որոնք երկու ժամ տեւողութեամբ երգի եւ պարերու ընդմէջէն, առիթը ունեցան  մօտէն ծանօթանալու հայ ազգի ժողովրդական բարձրորակ մշակոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.