2016-04-15 09:57:00

Արցախ գործուղուած Լիբանանցի լրագրողներու հետ հանդիպում


Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին Հինգշաբթի, 14 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախ գործուղուած եւ իրենց դիտանկիւնով Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գօտիներուն վրայ տիրող իրավիճակը ներկայացուցած լիբանանցի լրագրողներուն հետ: Անոնք էին` «Էմ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ` Ժոել Քոզէյլի, Էտմոն Սեսին եւ Նաուալ Պըրրի: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.