2016-04-14 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեզւոս կղզիի հովուական այցելութեան ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 14 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացուց Ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետին, շաբաթ 16 ապրիլ 2016-ին, Լեզւոս կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը։

Հայր Լոմպարտի ներկաներուն տեղեկացուց թէ սոյն ճամբորդութիւնը ունի մարդասիրական եւ համամիութենական բնոյթ, տրուած ըլլալով որ այս այցելութեան դրդապատճառը Քահանայապետին մտահոգութիւնն է ի տես գաղթականութեան երեւոյթին որ է նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոսի եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ առաջնորդ Հիերոնիմոսի մտահոգութիւնը, որոնց հրաւէրին ընդառաջելով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ, անոնց հետ միասին կ՛այցելէ կղզին, այնպէս ինչպէս յայտարարուած էր անցեալ 8 ապրիլին`  ''ֆրանչիսկոս Պապ, ընդառաջելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոսի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրներուն, յառաջիկայ շաբաթ` 16 ապրիլ 2016-ին, պիտի մեկնի Յունաստան` Լեզւոս կղզի։Կղզիին մէջ, Սրբազան Հայրը, Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Աթէնքի ու Համայն Յունաստանի գերերջանիկ Հիերոնիմոս Բ Արքեպիսկոպոսին հետ, պիտի հանդիպին այնտեղ ապաստան գտած գաղթականներուն հետ''։ 

Հայր Լոմպարտի ապա ներկայացուց Ճամբորդութեան յայտագիրը որ սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ` 16 ապրիլի  առաւօտեան ժամը 7-ին, Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ, Սրբազան Քահանայապետի մեկնումով դէպի  Լեզւոս կղզիի Միթիլենէ օդակայան։

Նորին Սրբութիւնը Լեզւոս կղզի կը ժամանէ, տեղական ժամով 10,20-ին, ուր զինք կը դիմաւորէ Յունաստանի Վարչապետ` Տիար Ալեքսիս Սիփռաս, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս` գերերջանիկ Հիերոնիմոս Բ ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասի նախագահը։ Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վատիկանի Պետքարտուղարի Տեղակալ`գերապայծառ Պեչչու եւ Կարդինալ Քիւրդ Քոք։

Օդակայանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հակիրճ հանդիպում մը կ՛ունենայ Յունաստանի վարչապետին հետ, հուսկ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին Յունաստանի Արքեպիսկոպոս` գերերջանիկ Հիերոնիմոսի հետ միասին կը փոխադրուի ''Mòria Refugee Camp” գաղթավայր, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 11,15-ին (Հռոմի ժամով  10,15-ին) եւ ուր պատուիրակութիւնը կը դիմաւորուի Յունաստանի Վարչապետին կողմէ։

Գաղթավայրի մուտքին երեք կրօնապետերը կ՛ողջունեն  150 գաղթական անչափահասներ հուսկ մուտք կը գործեն կեդրոն, ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենան 250 ապաստանեալներուն հետ։

Սոյն հանդիպումէն ետք նախատեսուած են Հիերոնիմոս Բ-ի, Բարթողոմէոս Պատրիարքի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին  պաշտօնական ելոյթները որոնց աւարտին տեղի կ՛ունենայ  միասնական յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը։

Տեղական ժամով 12,45-ին երեք կրօնապետերը կէսօրուայ եղբայրական ճաշը կը բաժնեկիցն մի քանի գաղթականներուն հետ, ապա կը փոխադրուին մօտակայ նաւահանգիստ, ուր նախատեսուած է հանդիպումը` կղզիի բնակչութեան, եւ կաթողիկէ հասարակութեան հետ եւ ուր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը­, որուն աւարտին երեք կրօնապետերը, ամէն մէկը առանձին, կ՛արտասանեն` գաղթականութեան զոհերուն նուիրուած աղօթք մը։

Աղօթքէն ետք նախատեսուած է լռութեան յարգանքի պահ մը որմէ ետք երեք մանուկներ, երեք կրօնապետերուն կը յանձնեն երեք ծաղկեփունջեր, որոնք ծովի ջուրերուն մէջ կը նետուին, ի յիշատակ եւ ի յարգանս բոլոր այն գաղթականներուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին նաւաբեկութիւններու պատճառաւ։

Այս արարողութեամբ վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական ու հակիրճ այցելութիւնը Լեզւոս Կղզիին, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը` Բարթողոմէոս պատրիարքին եւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ միասին, կը վերադառնան օդակայան, ուր` նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Պապին առանձնական հանդիպումները` Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, Բարթողոմէոս պատրիարքին եւ Յունաստանի վարչապետին հետ ու հանդիպումներու աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Միթիլենէ օդակայանէն ու վերադարձ կը կատարէ Հռոմ `ուր ժամանումը նախատեսուած է 16,30-ին Չամփինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.