2016-04-14 01:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սքովտիոյ Քահանայապետական Վարժարանի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ  ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Սան Մարինօ Հանրապետութեան  նորանշանակ դեսպան Տիկին Մարիա Ալեսանտրա Ալպերթինին, հաւատարագիրերը ներկայացումի առիթով ։ Ապա յաջորդաբար ընդունեց Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Սթանիսլավօ Ռիլքոն, Միացեալ Նահանգներու Պոսթոնի թեմի Արքեպիսկոպոս Սին Փաթրիք Օ Մալեյ, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Իվան Ուրքովիչ, Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն եղբայրակցութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ժուլիան Քարրոն։

Ֆրանչիսկոս Պապ` ապա Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Հռոմի Սքովտիոյ Քահանայապետական վարժարանի հասարակութեան 35 անդամները։

Եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք Սքովտիոյ Քահանայապետական վարժարանի հասարակութեան անդամները անդրադարձաւ Քահանայապետական վարժարանի հիմնարկութեան չորրորդ դարադարձին՝ որ կը նշուի այս տարի։

Ֆրանչիսկոս Պապա ապա անդրադարձաւ Սքովտիոյ 16 նահատակներէն Սուրբ Ժոն Ոկիլվիի մարտիրոսութեան , յարելով  թէ՝ Սուրբին մահուան  դատապարտութեան նպատակն էր ՝ կաթողիկէ հաւատքը լռեցնել , սակայն՝ ըսաւ Ան հակառակը պատահեցաւ, Անոր դատապարտութեան վճիռը խթան հանդիսացաւ եկեղեցւոյ` ազատութեան պաշտպանութեան ու Սուրբ Պետրոսի գահին հետ  հաղորդութեան ամրապնդումին։   

՝՝Սքովտիոյ մարտիրոսներու ապրած  կեանքը՝՝ ըսաւ Սրբազան հայրը ՝՝դրոշմուած էր ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ որ լոկ Քրիստոս կրնար շնորհել՝՝։ Մենք ալ կ՝ապրինք մարտիրոսութեան  ժամանակաշրջան մը ու մշակոյթ մը որ յաճախ հակառակ է Աւետարանին – յարեց  Նորին Սրբութիւնը ու յորդորեց ներկաներուն ունենալու  իրենց նախահայրերու միեւնոյն նուիրումի հոգին եւ նմանելու անոնց , ինչպէս նաեւ  Սիրել Յիսուսը՝ ամէն բանէ աւելի։

Ճառի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ ''եթէ ունենաք չորս դարեր առաջ ձեր եղբայրներուն միեւնոյն տենչը, միեւնոյբ սէրը՝ եկեղեցւոյ եւ Սքովտիոյ հանդէպ ,  պիտի պատուէք ձեր պատմութիւնը եւ այն զոհողութիւնները որոնց  յիշատակը կը կատարենք այսօր'' ապա ճառը եզրափակեց ըսելով ''կ՝աղօթեմ Տիրոջ որպէսզի ձեզի շնորհէ քաջութիւնն ու ձեր կամքին՝ հաւատարիմ գտնուելու շնորհքը, աղօթքի նուիրումով,   սիրելով Յիսուսը՝ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ ապաւինելով Տիրամօր մեր Մօր հովանիին ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.